Հայաստանի մէջ արաբական տիրապետութիւնը տեւած է գրեթէ երկուք ու կէս դար (640-886)։ Արաբական լուծը, սակայն, ըստ շրջանի անտանելի կը դառնար, ինչ որ առիթ հանդիսացած է, որ հայերը պարբերական ապստամբութիւններու դիմէին, յաճախ՝ Մամիկոնեան նախարարներու գլխաւորութեամբ։
Մուշեղ Մամիկոնեան Հայաստանի իշխան ընտրուած էր 748ին։ Եղբայրն էր Գրիգոր Մամիկոնեանի, որ գլխաւորած է 748-750ի ապստամբութիւնը։ Ըստ երեւոյթին, Մուշեղի ընտրութիւնը վաւերացուած չէ խալիֆայութեան կողմէ, եւ 753ին զինք փոխարինած է Սահակ Բագրատունի։ Վերջինիս եղբայրը՝ Սմբատ, դարձած է սպարապետ նոյն տարին եւ յաջորդած է եղբօր 770ի շուրջ, երբ Սահակ Բագրատունի սպաննուած է արաբներուն կողմէ։
774ին նոր ապստամբութիւն մը սկսած է, գլխաւորութեամբ Արտաւազդ Մամիկոնեանի, որ սպաննած է Կումայրիի (այժմու Գիւմրի) արաբ հարկահաւաքը։ Սակայն, ան եւ իր դաշնակից իշխանները պարտութեան մատնուած են արաբ զօրապետ Մուհամմատի կողմէ Վրաստանի մէջ եւ ապաստան գտած են Մինկրելիա, ուր բիւզանդական կայսրէն հող ստացած են։
Միջոցին, ապստամբութիւնը շարունակուած է Հայաստանի մէջ, ուր անոր գլուխը անցած է Մուշեղ Մամիկոնեան, կարգ մը նախարարներու օժանդակութեամբ։ Շարք մը արաբ հարկահաւաքներ սպաննելէ ետք, Մուշեղ ապաստան գտած է Արտագերսի անառիկ բերդին մէջ, ուրկէ պատժական քանի մը արշաւանքներ կատարած է Կարնոյ շրջանին մէջ։ Այդ յաղթանակները քաջալերած են շատ նախարարներ, որոնց շարքին՝ սպարապետ Սմբատ Բագրատունին, անոր միանալու։ Հայկական 5.000նոց զօրք մը պաշարած է Կարինը։
Սակայն, 30.000 հոգինոց արաբական զօրք մը՝ զօրապետ Ամր իպն Իսմայիլի գլխաւորութեամբ, ներխուժած է Հայաստան եւ, Արճէշի ճակատամարտէն ետք, Բագրեւանդ գաւառը մտած, դիրք բռնելով Արձնի գիւղի մօտ՝ Արածանի գետի (Արեւելեան Եփրատ) եզերքը։ Հայկական բանակը, որ մեծաւ մասամբ ռամիկներէ բաղկացած էր, պարտադրուած է Կարնոյ պաշարումը ձգել եւ դէմ դնել արաբներուն Արձնիի մէջ։ Ճակատամարտը սկսած է արեւածագին։ Սկիզբը, Մուշեղ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ, հայերը յաջողած են փախուստի մատնել արաբները, որոնք սակայն ստացած են լրացուցիչ զօրքեր եւ հակայարձակման անցած։ Ի վերջոյ, արաբական գերակշիռ զօրքերը յաղթած են հայերուն։ Մուշեղ Մամիկոնեան, Սմբատ Բագրատունի եւ այլ նախարարներ նահատակուած են ռազմադաշտին վրայ եւ ապստամբութիւնը փաստօրէն վերջ գտած է։
774-775ի ապստամբութեան ձախողութենէն ետք, ընդհանրապէս կ՚ընդունուի, որ Մամիկոնեաններու ռազմական ուժի սպառումով, սկսած է Բագրատունիներու վերելքը, որ դար մը ետք՝ 886ին, պիտի յանգէր անոնց թագաւորական գահին տիրանալուն եւ Հայաստանի անկախութեան։