Sunday Bible Readings

ԿԻՐԱԿԻ, 24 ԱՊՐԻԼ ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ

Ընթերցումներ՝ Ղկ. 4.14-30, Գործ 5.31-6:7, Յակոբ 3.1-12; Յովհ. 1.1-17։

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 1.1-17

Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ գոյութիւն ունէր Բանը: Բանը Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր: Անիկա սկիզբէն Աստուծոյ հետ էր: Անով էր որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց. առանց անոր ո՛չ մէկ բան ստեղծեց: Կեանքը անով սկիզբ առաւ: Եւ կեանքը մարդոց համար լոյսն է, որ խաւարին մէջ կը փայլի. բայց խաւարը չկրցաւ հասկնալ զայն:

Յովհաննէս, որ Աստուծոյ կողմէ ղրկուած մարդ մըն էր, եկաւ Լոյսին համար վկայութիւն տալու, որպէսզի ամէն մարդ անոր միջոցաւ հաւատայ: Ինք Լոյսը չէր, այլ՝ Լոյսին համար վկայ մը: Բանն էր ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով՝ կը լուսաւորէ ամբողջ մարդկութիւնը: Աշխարհի մէջ էր անիկա, աշխարհը իրմով ստեղծուեցաւ, սակայն աշխարհը զինք չճանչցաւ: Իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ, բայց իր իսկ ստեղծած մարդիկը զինք չընդունեցին: Իսկ զինք ընդունողներուն եւ իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու. ո՛չ արեան ճամբով եւ ո՛չ մարմինի կամ մարդկային կամքով, այլ՝ Աստուծմէ ծնելով:

Եւ Բանը մարմին եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը.

փառքը Միածինին, որ Հօրմէն եկաւ՝ շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն:

Յովհաննէս անոր մասին վկայեց, յայտարարելով.

Ասիկա է ան՝ որուն մասին կ’ըսէի. «Ան որ ինձմէ ետք պիտի գայ՝ ինձմէ մեծ է, որովհետեւ ինձմէ առաջ գոյութիւն ունէր»:

Անոր լիառատ շնորհքէն է որ մենք բոլորս շնորհքի վրայ շնորհք ստացանք. որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցաւ տրուեցաւ, մինչ շնորհքն ու ճշմարտութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ:

 

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐ 5.31-6.7

Աստուած իր աջով զայն բարձրացուց, որպէսզի մեր Առաջնորդն ու Փրկիչը ըլլայ, եւ Իսրայէլին ապաշխարութեան առիթ եւ մեղքերուն թողութիւն տայ: Այս իրողութիւններուն վկաներն ենք մենք, ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգին, որ Աստուած տուաւ իրեն հնազանդողներուն:

Երբ անոնք այս խօսքերը լսեցին՝ կատաղութեամբ լեցուեցան, եւ կ’ուզէին սպաննել զանոնք:

Այն ատեն Ատեանին մէջ ոտքի ելաւ Գամաղիէլ անունով մէկը, որ Փարիսեցիներէն էր եւ ամբողջ ժողովուրդին կողմէ յարգուած Օրէնքի ուսուցիչ մը, եւ հրամայեց որ նախ առաքեալները դուրս տանին, եւ ապա ժողովականներուն ըսաւ.

Ո՛վ Իսրայէլացիներ, լաւ մտածեցէք եւ ապա որոշում առէք այս մարդոց մասին: Կը յիշէք թէ ժամանակ մը առաջ Թեւդաս անունով մէկը ելաւ, որ ինքզինք երեւելի մէկը կը յայտարարէր, եւ շուրջ չորս հարիւր հոգիներ իրեն միացան. բայց ինք սպաննուեցաւ եւ բոլոր իրեն միացածները քայքայուեցան ու ցրուեցան: Իրմէ ետք Գալիլեացի Յուդա մը ելաւ մարդահամարի օրերուն եւ բազմաթիւ ժողովուրդ ապստամբութեան մղեց իրեն հետ. սակայն ան ալ կորսուեցաւ, եւ բոլոր անոնք որ իրեն յարած էին՝ ցրուեցան: Գալով ասոնց, կ’ըսեմ ձեզի.- Այդ մարդոցմէ ձեռք քաշեցէք եւ ձգեցէք զիրենք: Որովհետեւ, եթէ անոնց խորհուրդն ու գործը մարդոցմէ է՝ պիտի խափանուի. իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար խափանել, եւ թերեւս այդ ձեւով Աստուծոյ դէմ պայքարած կ’ըլլաք:

Ժողովականները հաւանեցան Գամաղիէլի խօսքերուն, եւ առաքեալները կանչել տալով՝ ծեծել տուին. ապա պատուիրելով անոնց՝ որ ա՛լ Յիսուսի անունով չխօսին, արձակեցին զանոնք: Իսկ առաքեալները Ատեանէն հեռացան, ուրախանալով որ Տիրոջ անունին համար անարգանքի արժանացան: Ամէն օր, թէ՛ տաճարին եւ թէ՛ իրենց տուներուն մէջ, անդադար կը սորվեցնէին՝ Յիսուս Քրիստոսը քարոզելով:

Ժամանակ մը ետք, երբ Յիսուսի հետեւորդները շատցան, յունախօս Հրեաները սկսան տրտնջալ եբրայախօս Հրեաներուն դէմ, որովհետեւ ամենօրեայ նպաստի բաշխումին մէջ իրենց այրիները կ’անտեսուէին: Այն ատեն, տասնըերկու առաքեալները կանչեցին բոլոր հաւատացեալները եւ ըսին.

Մենք չենք ուզեր Աստուծոյ խօսքին քարոզութիւնը ձգել եւ ուտելիք մատակարարելով զբաղիլ: Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, ձեր կողմէ վկայուած եօթը հոգի ընտրեցէք, որոնք Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուն ըլլան: Զանոնք այս անհրաժեշտ գործին համար կարգենք, իսկ մենք աղօթքի եւ Աստուծոյ խօսքին մատակարարման նուիրուինք:

Հաւատացեալները ուղիղ գտան առաջարկը եւ հետեւեալները ընտրեցին.- Ստեփանոսը, որ հաւատքով եւ Սուրբ Հոգիով լեցուն մարդ մըն էր, Փիլիպպոսը, Պրոքորոնը, Նիկանորը, Տիմոնը, Պարմենասը եւ Նիկողայոսը, որ հրէութեան դարձած Անտիոքացի մըն էր: Ապա զանոնք բերին առաքեալներուն առջեւ, որոնք աղօթեցին եւ իրենց ձեռքը դրին անոնց վրայ:

Ահա այսպէս, Աստուծոյ խօսքը կը տարածուէր եւ Երուսաղէմի մէջ հաւատացեալներու թիւը մեծապէս կը շատնար: Նոյնիսկ քահանաներէն շատ-շատեր հաւատքը կ’ընդունէին: