(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 17 Ապրիլ)
Այսօր, Քրիստոնեայ աշխարհը կը տօնախմբէ յաւերժական Հրաշք՝ Յարութիւնը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, որ մեռած եւ թաղուած կը համարուէր։ Վշտահար մօր եւ Աշակերտներու կողքին կանգնող հրեայ հոգեւոր իշխանաւորները եւ հռոմէացի զինուորները Յիսուս Նազովրեցիի առասպելը վերջացած կը նկատէին։
Մարդկային հասկացողութեամբ, իրաւ էր ատիկա, բայց շատ յստակ էր ինչ որ Խաչեալը կանխաւ յայտարարած էր Իր կեանքին եւ մահուան մասին։ Այլ խօսքով, Մեսիայի մասին կատարուած բոլոր մարգարէութիւնները իրմով իրականացած էին։ Ան անձամբ գործադրած էր այն ինչ որ սորվեցուցած էր՝ թշնամիին համար աղօթելէն մինչեւ Գառն Աստուծոյին Փրկագործական զոհագործումը։ Վախի, կասկածի հետեւանքով, խաչահաններուն ձեռք առած էին զգուշութեան զանազան միջոցներ, որով գերեզմանը կնքուած եւ հռոմէացի զինուորներու հսկողութեան տակ առնուած էր։ Եւ ահա, Միաշաբաթի՝ Կիրակի առաւօտ կանուխ, Իւղաբեր կանայք եկան աւանդական օծումով պատուելու մեռեալին մարմինը, բայց անակնկալի մատնուեցան, զարհուրեցան եւ շփոթեցան, երբ Հրեշտակ մը դիմաւորելով զիրենք, ըսաւ. «Գիտեմ թէ խաչեալ Յիսուսը կը փնտռէք, Ան հոս չէ, յարութիւն առաւ ինպէս ըսած էր ձեզի։ Եկէք եւ տեսէք հոն ուր կը գտնուէր» (Մտ 28.6)։
Զոհուած Գառնուկին ենթադրեալ վախճանը դարձաւ անվախճան սկիզբ նոր Արարչագործութեան եւ մարդկութեան նորոգումին; Արդարեւ, Հին Կտակարանի մէջ մեղքերու մաքրութեան համար կենդանիներ զոհելու պատուիրանը միանգամընդմիշտ Քրիստոսով լրումի հասաւ (Եբր 10.10)։ Յիսուս Իր զոհագործումով կատարեց այն մարգարէութիւնը, որ կ՛ըսէ, թէ «Ան կրեց մեր անօրէնութիւնները, կրեց մեր հիւանդութիւնները» (Ես 53.4-5), եւ հանդիսացաւ Յաւիտենական Զոհը (հմմտ․ Յհ 1.29)։ Փրկչին մահով, Չարի զօրութեան տիրակալութիւնը սասանեցաւ (Ա Կոր 15.27), որովհետեւ անոնք, որ ընդունեցին Յարուցեալ Տէրը, իրենց տրուեցաւ Աստուծոյ զաւակները ըլլալու իշխանութիւնը (Յհ 1.9)։ Իսկ Օրէնքի լուծը անհետացաւ, որովհետեւ Շնորհքի արշալոյսը ծագեցաւ։
Աւետարաններէն կ՛իմանանք, թէ Մարիամ Մագթաղենացի եւ Իւղաբեր կանայք, ապա Պետրոս եւ Յովհաննէս, այնուհետեւ Վերնատան մէջ հաւաքուած Աշակերտներն ու Էմմաուսի ճամբորդները, եւ ի վերջոյ Թովմաս անձամբ տեսան Քրիստոս (Մր 16.1, Ա Կոր 15.5-8)։ Աւագ Ուրբաթ օրուան խորհուրդը որ անմատչելի էր, ըմբռնուեցաւ եւ Երկնաւոր Վարդապետին առաքելութիւնը լիովին թափանցիկ դարձաւ։ Որով, Հոգեգալուստի օրը Առաքեալները Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ զրահաւորուելով, Յարուցեալին վկաները դարձան եւ Աստուծոյ Արքայութեան անպարտելի ախոյեանները։
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը Աստուծոյ սիրոյն եւ զօրութեան գերագոյն արտայայտութիւնն է։ Որքան որ անսահման են Անոր սէրը, համբերութիւնը եւ ներողամտութիւնը մարդկութեան հանդէպ, ինչպէս նաեւ Չարի հանդէպ հանդուրժողութիւնը անբաւ ողորմութեան նշան է, այնուամենայնիւ պէտք է միշտ մտաբերել որ Ի՛նք է միակ Տէրը եւ գերագոյն Իշխանութիւնը կը պատկանի Իրեն։ Վերջին խօսքը, վճիռը կը պատկանի Իրե՛ն, եւ մի՛այն Իրեն։ Առաքեալները այս ճշմարտութեամբ սպառազինուած մարտահրաւէր կարդացին աշխարհի բոլոր մարտահրաւէրներուն։ Ոչի՛նչ կրցաւ զիրենք հեռացնել Քրիստոս Աստուծոյ սէրէն (Հռ 8.35), եւ ոչի՛նչ կրցաւ կասեցնել զիրենք Բարի լուրը տարածելէ։
Դարերու ընդմէջէն, Եկեղեցւոյ ուխտագնացութեան պատմութիւնը արձանագրութիւնն է այն սրբազան առաքելութեան, որով Յարուցեալին լոյսով լուսաւորուածները լուսաւորեցին աշխարհի խաւար անգիտութիւնը՝ Յարութեան յաւերժական գիտութեան լոյսով, որուն մերթ ընթ մերթ ընկերացան հրաշքը, Բարեգործութիւնը, Խաղաղութիւնը, Ցնծութիւնը եւ յաւիտենական կեանքի խոստումը։
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Մատնութիւնը, Չարչարանքները, Խաչելութիւնը, Թաղումն ու Յարութիւնը, որքան որ պատմութեան մէջ տեղի ունեցած անուրանալի իրողութիւններ են, նոյնքան եւ աւելի շարունակուող ճշմարտութիւն են իւրաքանչիւր սերունդի կեանքին մէջ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «Մենք որ տնկակից եղանք Իր մահուան, հաստատ որ Յարութեամբ պիտի միանանք Իրեն» (Հռ 6.5)։ Այս հասկացողութեամբ, որպէս դեսպանները Յարուցեալ Տիրոջ, առաջնահերթ մեր պարտականութիւնը սեպենք բանիւ ու գործով տարածել Բարի Լուրը Աստուծոյ Սիրոյն եւ գերագոյն Իշխանութեան։ Երբե՛ք չտատամսինք այս ընելէ, որովհետեւ Ա՛ն է Սկիզբն ու Վախճանը, եւ ամէնքս հաշուետու ենք Իրե՛ն։
Ուստի, որպէս Յարութեան զաւակներ, բոլորս միասին շարականագիր վարդապետին հետ ցնծութեամբ նոր երգ երգենք, ըսելով՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, իր մահով մահը խափանեց եւ Իր Յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւեց։ Փա՜ռք Անոր յաւիտեան» Ամէն։