Featured, Կաթողիկոսարանէն

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 17 Ապրիլին, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Անթիլիասի Մայրավանքը Քրիստոսի Յարութեան տօնը նշելու, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Հայրապետական Ս. Պատարագի մատուցման մասնակցելու եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամը ունկնդրելու։ Նորին Ս. Օծութեան առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

«Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը յաղթանակի տօն է. յաղթանակը երկինքին՝ մեղքով եւ ապականութեամբ շաղախուած երկրին դէմ, յաղթանակը ճշմարտութեան՝ կեղծիքին ու սուտին դէմ, յաղթանակը յաւիտենականութեան՝ ժամանակաւորին դէմ, յաղթանակը կեանքին՝ մահուան դէմ, յաղթանակը Աստուծոյ Թագաւարութեան՝ մարդու թագաւորութեան դէմ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, նշելով, որ Եկեղեցին այսպէս ըմբռնեց Քրիստոսի յարութիւնը, որ եղաւ կենսատու աղբիւր ու վեհ առաքելութիւն, ու անով զօրացած Եկեղեցին դարերու ընթացքին ինքզինք արժեւորեց եւ իրագործեց մարդկային կեանքին մէջ։ «Յարութիւնը եղաւ այն հզօր վէմը, որուն դիմաց պատմութեան բոլոր փոթորիկները եկան ու փշրուեցան։ Մնաց քրիստոնէական հաւատքը եւ այդ հաւատքի պաշտպան ու կենսատու աղբիւր՝ Եկեղեցին», ընդգծեց Նորին Ս. Օծութիւնը, աւելցնելով, որ պատմութեան ընթացքին, մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը տագնապներու դիմաց գտնուելու ժամանակ միշտ փարած են յարութեան ու այդ հաւատքով իրենք զիրենք նորոգած են։ Հայրապետը վկայակոչեց Քրիստոսի այն խօսքերը, որոնք արտասանած է իր յարութենէն ետք անակնկալ կերպով աշակերտներուն երեւցած ժամանակ, որ կ՚ըսէ.- խաղաղութիւն ձեզ, ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք, ու վերյիշեցուց հաւատացեալներուն, որ այսօր եւս Քրիստոս կը ներկայանայ մեզի՝ ըսելու «մի՛ վախնաք»։

Հայրապետը, ապա, անդրադարձաւ Հայաստանի ու Արցախի ներկայ կացութեան, դիտել տալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չի կրնար անտարբեր ու լուռ մնալ ի տես կացութեան։ Խօսքը ուղղելով յատկապէս Արցախի մեր հայրենակիցներուն, ան ըսաւ. «Արցախի ժողովո՛ւրդ, կ՚ըսենք՝ մենք ձեզի հետ ենք, բառին ամէնէն զօրեղ իմաստով»։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ «անկախութիւնը եւ արդարութիւնը Աստուածատուր արժէքներ եւ իրաւունքներ են։ Արցախի ժողովուրդը հաւաքաբար հաստատած եւ ամրապնդած է իր անկախութիւնը այն հողին վրայ, ուր դարեր շարունակ ապրած ու ստեղծագործած է. հետեւաբար, ժողովուրդի մը անկախութիւնը չի՛ կրնար սակարկութեան սեղանի նիւթ դառնալ»։ Անդրադառնալով Հայաստանի կացութեան, Հայրապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց եւ ըսաւ, թէ այսօր Հայաստանը լուրջ տագնապներու դիմաց կը գտնուի եւ մեր սպասումն է, որ պատասխանատուները, ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդը կարողանան իրենց հաւաքական կամքը հաստատել ամուր կերպով, որովհետեւ ազգի մը ազատ ապրելու կամքը եւ իրաւունքը կարելի չէ՛, այսպէս կոչուած, աշխարհաքաղաքական պայմաններու լոյսին տակ թէական դարձնել։

Իր պատգամի վերջին բաժնով, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Լիբանանի հայութեան, դարձեալ իր հայրական հոգատարութեամբ վստահեցնելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ գործնապէս կանգնիլ անոր կողքին։ Այս իմաստով, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Մայիս ամսուն տեղի ունենալիք Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ լիբանանահայ գաղութին ներկայացուցչութեան մասին։ Ան ըսաւ, թէ պէտք է քաջ գիտակցիլ, որ հայութիւնը Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկն է եւ ունի իր պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները, որոնք կ՚իրագործուին շնորհիւ խորհրդարանին մէջ մեր արդար ներկայացուցչութեամբ։ Այս գծով, յորդորեց լիբանանահայութիւնը, Լիբանանէն ներս թէ դուրս, գործնապէս մասնակից դառնալու համայնքին գործունէութեան՝ քուէարկութեմբ ընտրելու հայ ներկայացուցիչները, որոնք թէ՛ ճանչցուած են գաղութին կողմէ, թէ՛ ալ կը ճանչնան հայ գաղութը. «Ճիշդ է, որ Լիբանանի խորհրդարանէն ներս բոլոր երեսփոխանները լիբանանեան դրօշին տակ Լիբանանը կը ներկայացնեն, սակայն հոն մուտք կը գործեն համայնքի անունով։ Հետեւաբար, մեզի համար ընդունելի չէ, որ պատահական անձեր հայ համայնքը ներկայացնեն խորհրդարանէն ներս»։ Ան շեշտեց, թէ ոեւէ անձ չի կրնար ներկայացնել հայ համայքնը շահագործելով իր համայնքային պատկանելիութիւնը։

Ս. Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, դեսպանատան անձնակազմը, կուսակցութեանց, կազմակերպութեանց, կառոյցներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ ազգային ու քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։

Ս. Պատարագի աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ ազգային ու քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ Ս. Զատկուան տօնի շնորհաւորանքներ։