Մեր ծուխերէն

ՈՒԻՍՔԱՆՍԸՆԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ՈԳԵԿՈՉԵՑԻՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ

Կիրակի, 24 Ապրիլին, Ուիսքանսընի նահանգի հայ եկեղեցիները միասնաբար նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակները Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ (Ռէյսին)։

Ս. Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Տարօն Ա. Քհն. Ստեփանեան, եւ օրուան պատագամը տուին Արժպ. Տ. Կիւրեղ Քհն. Համբարձումեան՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ (Միլուոքի) հոգեւոր հովիւ (հայերէն), եւ Արժպ. Տ. Աւետիս Քհն. Գալայճեան՝ Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ (անգլերէն)։ Ս. Պատարագի աւարտին, Արժպ. Տ. Եփրեմ Ա. Քհն. Գլըճեան աղօթք մը ըրաւ նահատակ սուրբերուն համար։

Ս. Պատարագի ընթացքին օգտագործուեցաւ Արմաշի վանքի Ս. Նշան եկեղեցիէն սկիհ մը (1820), որ Մեծ Եղեռնէն ազատած եւ բերուած է Ամերիկա, ու ներկայիս կը պատկանի Չաք Հաճընեանին (Միլուոքի)։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կազմակերպութեամբ։