Մեր ծուխերէն

ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ 24 ԱՊՐԻԼԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ

Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ ծուխը եւ Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) համայնքի այլ անդամներ նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 107ամեակը Կիրակի, 24 Ապրիլին։ Ոգեկոչումները ընդգրկեցին Հայ Դատի Յանձնախումբի դրօշակի արարողութիւնը Նորթ Փրաւիտընս եւ Քրանսթըն քաղաքներու քաղաքապետարաններուն մէջ, եւ ոգեկոչման յանձնախումբի կազմակերպած ձեռնարկը, որուն գլխաւոր բանախօսն էր Ստեփան Փիլիկեան։

Ռոտ Այլընտի նահանգի Ներկայացուցիչներու Տունը վաւերացուց մեծամասնութեան ղեկավար, ներկայացուցիչ Քաթրին Ղազարեանի ներկայացուցած բանաձեւը, որ կը ճանչնար Ապրիլ 24ը իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումի օր։