Մեր դպրոցներէն

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ

Երկուշաբթի, 2 Մայիսի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը ամբողջացուց այս տարուան կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու նուիրուած առցանց դասընթացքը։ Վերջին նիստին մասնակցեցան 15 ուսուցիչներ եւ տնօրէններ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ։ Բացման աղօթքը կատարեց առաջնորդականս փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան։

Տիկ. Նուէր Օրանճեան-Պապաճանեան ներկայացուց իր չորրորդ դասախօսութիւնը մանկավարժական գիտելիքներու մասին՝ «Արհեստագիտութիւն դասաւանդութեան մէջ» նիւթով։ Ան շեշտը դրաւ կարգ մը առցանց դաստիարակչական հարթակներու եւ յաւելուածներու (app) վրայ, զորս ուսուցիչները կրնան գործածել դասարանին մէջ աւելի աշխոյժ դասաւանդութեան համար։

Աւարտին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս բարձրօրէն գնահատեց Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքը՝ յանձին Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի, ուսուցիչներու վերաորակաւորման ծրագրումի աշխատանքներուն համար։ Նաեւ  շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն իրենց մասնակցութեան համար։