Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՀԵՆՐԻԿ ԻԳԻԹԵԱՆ (մահ՝ 10 Մայիս, 2009)

Հենրիկ Իգիթեան ծնած է 5 Մարտ, 1932ին, Թիֆլիսի մէջ։ Ընտանիքը հետագային տեղափոխուած է Երեւան, ուր ստացած է միջնակարգ կրթութիւնը Կիրովի անուան դպրոցին մէջ։ Դպրոցը աւարտելէ ետք, ընդունուած է Երեւանի Բրիւսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուներու հիմնարկի բանասիրական ճիւղը, զոր աւարտած է 1956ին։

1954-1961ին աշխատած է Երեւանի Չայքովսկիի անուան տասնամեայ երաժշտական դպրոցին մէջ, իսկ 1960ին աշխատանքի անցած է Հայաստանի ազգային պատկերասրահի հայ արուեստի բաժնին մէջ։ Այնուհետեւ ընդունուած է Լենինկրատի (այժմ՝ Ս. Փեթերպուրկ) գեղարուեսի ակադեմիայի արուեստաբանական ճիւղը, զոր աւարտած է 1963ին։ Շարունակած է աշխատիլ պատկերասրահին մէջ մինչեւ 1971։

1970 թուականին կնոջ՝ Ժաննա Աղամիրեանի հետ, Հենրիկ Իգիթեան Երեւանի մէջ հիմնած է աննախադէպ մանկական պատկերասրահը, հաւաքելով եւ ներկայացնելով տաղանդաւոր մանուկներու ստեղծագործութիւնները։ Իգիթեան եւ Աղամիրեան հայ մանուկներու արեւոտ ու պայծառ զգացողութիւններով ստեղծուած աշխատանքները ցուցադրեցին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպես նաեւ Երեւան բերին տարբեր երկիրներ ապրող մանուկներու ստեղծագործութիւններ, ձեւաւորելով քաղաքակրթութիւններու փոխանակում։ Այս պատկերասրահը առանցք դարձնելով, 1978ին Իգիթեան հիմնած է Գեղագիտական Դաստիարակութեան Կենտրոնը, որ ներկայիս կը կոչուի Գեղագիտութեան Ազգային Կենտրոն եւ կը կրէ անոր անունը։ Հանրապետութեան մէջ հիմնուած են Կենտրոնի մասնաճիւղեր (Գիւմրի, Վանաձոր, Ապարան, Գորիս, Մեղրի, Իջեւան եւ Գառնի)։

Յունիս 1972ին, Երեւանի մէջ բացուեցաւ Ժամանակակից Արուեստի Թանգարանը։ Այդ թանգարանի հիմնադրութեան թոյլտուութիւնը ստանալու համար, Իգիթեան շատ մեծ ջանք գործադրած էր՝ խորհրդային վարչակարգի եւ արուեստի մէջ արմատացած պատնէշները փորձելով յաղթահարելով։ Թանգարանի ստեղծման գործին մէջ հսկայական աջակցութիւն եւ ըմբռնում ցուցաբերած է 1970ական թուականներու քաղաքապետ Գրիգոր Հասրաթեանը։ Ան պիտի դառնար այդ շրջանին երեւան եկած բազմաթիւ տաղանդաւոր ու նորարար նկարիչներու ծանօթացման վայրը։

Հենրիկ Իգիթեան հրատարակած է աւելի քան 50 աշխատութիւններ, պատկերագիրքեր եւ նկարներու ցուցակներ։ Ստացած է բազմաթիւ պարգեւներ, որոնց շարքին՝ «Մովսէս Խորենացի» (1999) եւ «Խաչատուր Աբովեան» (2007) մետալները Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, եւ «Մխիթար Գօշ» (2001) մետալը

Արցախի Հանրապետութեան կողմէ։ 2004ին Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի դարձած է։ Իր մահկանացուն կնքած է 10 Մայիս, 2009ին։