ԱՐԺՊ. Տ. ՀՐԱՆԴ ՔՀՆ. ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ՄԱԳԻՍՏՐՈՍԱԿԱՆ ՎԿԱՅԱԿԱՆ

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպըրն, Միշիկըն) հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան, ստացած է հովուական առաքելութեան (Pastoral Ministry) մագիստրոսական վկայական Միշիկընի «Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս» դպրեվանքէն՝ յատուկ գնահատումով, բարոյական աստուածաբանութեան մասնագիտութեան մէջ։ Շրջանաւարտից հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 8 Մայիսին, Տիթրոյիթի կաթողիկէ առաջնորդութեան օգնական եպիսկոպոս Ռոպըրթ Ֆիշըրի նախագահութեամբ։