Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՅՈՐԴՈՐ ԱՐԹՆՈՒԹԵԱՆ (Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, Կիրակի, 8 Մայիս)

Այսօր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ Յարութեան չորրորդ Կիրակին, Սուրբ Գրային ընթերցումը Պետրոս Առաքեալի երկրորդ նամակէն է, ուր ան կ՛ըսէ․ «Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան, առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ: Հաստատուն հաւատքով դէմ դրէք անոր, գիտնալով որ աշխարհի մէջ բոլոր ձեր եղբայրներն ալ նոյն չարչարանքներէն կ’անցնին»։

Այս հատուածին մէջ, Առաքեալը ազդու կերպով կը նկարագրէ գլխաւոր մարտահրաւէրը, զոր հաւատացեալ մը պէտք է ակնկալէ եւ համապատասխան կերպով պատրաստուի յաղթահարելու։ Առաքեալի այս գործնական պատգամէն հետեւեալ կէտերը կ՛ուզեմ քաղել.

ա․ Կարգապահական ոգին առաքինութիւն մըն է, որ ձեռք կը բերուի յարատեւ յանձնառութեամբ ու ինքնամարզումով, եւ կ՛օրհնուի Աստուծոյ կողմէ։ Հաւատքի մէջ խիստ հրամայական է ասիկա, որովհետեւ ամէնքս ալ հրաւիրուած ենք  պատերազմելու ո՛չ միայն երեւելի, այլ նաեւ աներեւոյթ եւ խաւարի Իշխանութեան դէմ։ Առաքեալը կը յորդորէ հաւատացեալները, որպէսզի հաստատ մնան հաւատքի մէջ եւ արթուն ըլլան։ Գեթսեմանէի մէջ ի՛ր փորձառութեան ընդմէջէն, Պետրոս քաջ գիտէր թէ ի՞նչ կը նշանակէր արթուն մնալ եւ հսկել եւ փորձութեանց դիմադրել։ Այս ուղղութեամբ յաջողելու համար, հոգեւոր ինքնամարզումը անհրաժեշտ է, որպէսզի պատրաստ ըլլանք մեզ շրջապատող ամէն թակարդէ զերծ մնալ։

բ․ Ճիշդ է, որ Առաքեալը մարդկութեան Թշնամին կը ներկայացնէ պատկերաւոր ձեւով, որպէս մռնչող առիւծ, սակայն ատիկա մեզ գիտակից դարձնելու համար է, թէ ան որքան զօրաւոր է եւ պատրաստ՝ բզկտելու իր զոհերը։ Իրականութեան մէջ, Չարը հոգի ըլլալով, աւելի վտանգաւոր է, որովհետեւ աներեւոյթ է եւ իր լարերը շատ նուրբ են, եւ դիւրաւ կրնայ որսալ, եթէ մէկը խարսխուած չէ Քրիստոսով, որ ապացոյց եղաւ մեզի քառասնօրեայ պահեցողութենէն մինչեւ Խաչելութիւն, դիմակազերծ ընելով զայն։ Աւելցնենք նաեւ այն, թէ առիւծը որքան անգութ կերպող կը բզկտէ իր որսը՝ իր անօթութիւնը յագեցնելու համար, իսկ Չարին հպարտութիւնը անյագ ըլլալով, երբե՛ք չի գոհանար անմեղ կեանքեր որսալով։ Ինչպէս որ ծովու աղի ջուրը խմելով աւելի ծարաւ կ՛ըլլանք, նմանապէս հպարտութիւնը երբե՛ք թոյլ չի տար որ դադրի իր որսերը մոլորեցնելէ եւ Աստուծմէ բաժնելէ, վերջապէս դատապարտութեան առաջնորդելով անոնց հոգիները։

գ․ Դիմադրութիւնը ինքնապաշտպանութեան հոյակապ զէնք մըն է բոլոր արարածներուն՝ բուսական կամ կենդանական աշխարհին, ինչպէս նաեւ մարդ արարածներու մէջ։ Ահա թէ ինչու Առաքեալը կը մղէ մեզ որ երբեք տեղի չտանք, այլ՝ դիմադրենք։ Նկատի ունենալով այս պատերազմի նկարագիրը, Առաքեալը կը շեշտէ դիմադրութիւնը, որ ինքնակեդրոն պէտք չէ ըլլայ, այլ Քրիստոսով արմատաւորուած։ Պետրոս այնքան ինքնավստահ էր,  որ նոյնիսկ Տիրոջ հաստատումը կասկածի տակ առաւ, թէ Զինք պիտի չուրանար, սակայն Անոր Մատնութենէն ետք աղախինի մը հարցադրումին իսկ չկարողացաւ դիմադրել (Ղկ 22.54-62)։  Քրիստոս մնայուն կերպով կը սորվեցնէ մեզի Չարին դիմադրելու եղանակը՝ Լերան վրայ առանձին աղօթելէն մինչեւ Իր մատնութիւնը եւ Խաչելութիւնը։ Պօղոս Առաքեալ չի վարանիր զինուորական բառամթերք գործածել, որպէսզի ամուր մնանք մեր հաւատքին մէջ, ըսելով՝ «ամէն բանէ վեր՝ Հաւատքի վահանը գործածեցէք» (Եփ 6.16), մեզ իրազեկ դարձնելով, որ լրջօրէն պէտք է սպառազինուինք հոգեւոր պատերազմի համար; Այս ուղղութեամբ, Անապատի Հայրերու Վարքը հոյակապ գրականութիւն կը հայթայթէ մեզի, որպէսզի ծանօթանանք անոնց հնարամտութեան, որով դիմակազերծ ընելով Չարին նուրբ խաբկանքները, կարողացած էին խայտառակել զայն։

դ․ Առաքեալը որպէս եզրակացութիւն կը յիշեցնէ, թէ անոնք որ կը տառապին եւ տարբեր չարչարանքներէ կ՛անցնին, պէտք է մտաբերեն, որ աշխարհի մէջ եղբայրներ եւ քոյրեր կան, որոնք նոյն փարձառութեան մէջէն կ՛անցնին։ Ինքնին պարզ կը թուի այս հաստատումը, սակայն շատ կարեւոր է։ Արդարեւ, կեանքի մէջ հոգեկան ամենէն մեծ տառապանքներէն մին է առանձին զգալ, որու մասին կարելի է երկար խօսիլ։ Քարոզի մը սահմանի մէջ, բաւ է ըսել, թէ երբ առանձին չզգանք, այլ մենք մեզ նոյնացնենք հաւատքի, արդարութեան, խաղաղութեան եւ այլ արժէքներու համար բոլոր անոնց հետ որոնք Քրիստոսի սիրոյն կը տառապին, ասիկա հոյակապ աղբիւր կը դառնայ յուսալքուածութիւնը յաղթահարելու։ Միաժամանակ, լաւագոյն ապացոյցը կ՛ըլլայ այն ճշմարտութեան, թէ իրա՛ւ Իր աշակերտներն ենք, Իր պատգամը իւրացուցած ենք, եւ կը հետեւինք Իրե՛ն;

Եկէ՛ք ուրախ եւ դրական ոգիով ընդունինք Առաքեալին օգտակար եւ գործնական դեղատոմսը, որպէզի հոգեպէս մարզուինք, արթո՛ւն ըլլանք եւ յաղթահարենք Թշնամիին, Աստուծոյ ապաւինելով, որուն կը վայելէ փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ։ Ամէն։