Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը տեղի ունեցաւ 12-14 Մայիսին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) կազմակերպութեամբ։ Շաբաթ, 14 Մայիսին, եզրափակիչ նիստին ընթացքին, տեղի ունեցաւ Առաջնորդի ընտրութիւն, որուն հետեւանքով Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, վերընտրուեցաւ չորս տարուան երկրորդ շրջանի մը համար։ Ընտրութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հետեւեալ խօսքը ուղղեց ներկաներուն.
«Կ՚ուզեմ բոլորիդ շնորհակալութիւն յայտնել, որ առաջնորդական պաշտօնը երկրորդ անգամ ինծի վստահած էք։ Միասնաբար պիտի այժմէականացնենք Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընթացքին առաջարկուած բոլոր ծրագիրները, ինչպէս եւ նոր նախագիծերով ճոխացնենք զանոնք։ Իմ հաստատ հաւատքս է, որ, միասնաբար, միակամ տեսիլքով իբրեւ ծուխեր, Առաջնորդարան եւ Կաթողիկոսարան, պիտի զօրացնենք մեր ծուխերուն, մեր Առաջնորդարանին, ինչպէս եւ նաեւ Կաթողիկոսարանին հիմքերը։ Աստուած անսասան պահէ Հայ Եկեղեցին, Ամերիկայի Արեւելեան Ազգային Առաջնորդարանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իրենց բոլոր կառոյցներով եւ քոյր կազմակերպութիւններով»։
Նոյն նիստին ընթացքին, տեղի ունեցան նաեւ Ազգային Վարչութեան ընտրութիւններ։ Կրօնական Ժողովի անդամ վերընտրուեցաւ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան եւ ընտրուեցաւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան։ Քաղաքական Ժողովի անդամներ վերընտրուեցան Դոկտ. Ռաֆֆի Մանճիկեան, Ճոն Գլընճեան եւ Արամ Յովակիմեան եւ ընտրուեցան Արամ Սարաֆեան եւ Ռիչըրտ Քանարեան։
Յառաջիկայ թիւով, պիտի շարունակենք մեր տեղեկատուութիւնը Երեսփոխանական Ժողովին մասին, ներկայացնելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետին՝ տիար Յակոբ Խաչատուրեանի պատգամները, ինչպէս եւ լրացուցիչ նիւթեր։