Առաջնորդարանէն, Լուրեր

«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԴԱՏԸ ՍՐՏԻՍ ՄՕՏԻԿ Է», ԸՍԱՒ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՄԵՆԷՆՏԷԶ

Ուրբաթ, 13 Մայիսին Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ պարգեւատրուելու առիթով իր խօսած ճառին մէջ, ծերակուտական Ռոպըրթ Մենէնտէզ անդրադարձաւ տքնաջան աշխատանքի երկար տարիներուն, որոնք պսակուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով։ Հայոց դատը, ըսաւ, մօտ է իր սրտին։

«Աւելի քան տարի մը առաջ, կը յիշեմ յաղթանակի եւ անշուշտ արդարացման զգացումը, ինչպէս ձեզմէ շատեր վստահաբար, երբ լսեցի, որ նախագահ Պայտըն կը ծրագրէր ճանչնալ ճշմարտութիւնը պատմութեան մասին», ըսաւ ան։ «Ձեզմէ շատերուն համար, ասիկա խորապէս անձնական հարց մըն էր, եւ կը յիշեմ, թէ որքա՛ն հպարտ զգացի, որ արդարութեան ի խնդիր այդպիսի շարժումի մը մաս կազմած էի՝ այս ճիգը գլխաւորելով Գոնկրէսին մէջ»։

Ծերակուտական Մենէնտէզ՝ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ատենապետ եւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամենէն հաստատուն աջակիցներէն մէկը ամերիկեան քաղաքացիներու մէջ, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց «Հայաստանի ոգի» պարգեւին համար։

«Այս երեկոյ ներկայացուած 22 եկեղեցիներով, այս սրբազան վայրին մէջ «Հայաստանի ոգի» մրցանակով պարգեւատրումը խոնարհութիւն կը պարտադրէ», ըսաւ ան։ «Յատկապէս ուրախացնող է, որովհետեւ հայ ժողովուրդին դատը սրտիս մօտ դատ մըն է»։

Ան վերյիշեց ցեղասպանութեան ճանաչման համար իր պայքարը՝ 2006ին Ծերակոյտը մտնելէ ետք։ «Նոյնիսկ կարգ մը թեկնածուներու պաշտօնավարութիւնը արգելափակեցի, որովհետեւ կը մերժէին ցեղասպանութիւնը իր բուն անունով կոչելու»։

Ծերակուտականը նշեց, թէ ըսած էր, «թէ՛ հանրապետականներու եւ թէ՛ դեմոկրատներու, որ չէինք կրնար անգործ մնալ, մինչ Թուրքիա կը շարունակէր ծածկել այս ոճիրը»։ Ճանապարհին գտած ընդդիմութիւնը կրնար վհատեցուցիչ ըլլալ. «Թուրքիա հանրային յարաբերութիւններու եւ լոպպինկի ընկերութիւններ վարձած էր ամերիկեան քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու համար», եւ նոյնիսկ «սպառնաց փակել ամերիկեան զինուորական խարիսխներ»։

Ասոր արդիւնքը եղած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայիփ Էրտողան անձնապէս քննադատած է Մենէնտէզը, զինք կոչելով «Թուրքիոյ թշնամի»։ «Ասիկա եղած ըլլալու է», յայտնեց ծերակուտականը, «որովհետեւ արդարութիւն կ՚ուզեմ հայ ժողովուրդին համար», ինչպէս եւ Թուրքիոյ «սպառնալիքներուն եւ ուրացումներուն» վերջը։ «Կ՚ուզեմ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ հիմնուած ըլլայ ճշմարտութեան վրայ»։

Ծերակուտականը նշեց, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ կապերը ուժեղացած են երեք տասնամեակներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու ընթացքին։ Վերջերս հանդիպելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ՝ յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին առիթով, «բոլոր հայերու ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը քննարկեցինք», ըսաւ։ Սակայն, աւելցուց, «հակառակ մեր բոլոր համատեղ իրագործումներուն, շատ ընելիք կայ։ Մէկ ու կէս տարի առաջ, Ատրպէյճանի պատերազմը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Թուրքիոյ ամբողջական զօրակցութեամբ, քաղաքացի զոհերու ցաւալի տուրք մը պատճառեց»։ Իր ցասումը յայտնեց Ատրպէյճանի «մարդկային իրաւանց սարսափելի չարաշահումներուն» համար։ «Պաքու կը շարունակէ հայ ռազմագերիներ պահել իր բանտերուն մէջ»։ Խոստացաւ, որ պիտի շարունակէ քննութեան ենթարկել ԱՄՆի կառավարութեան օժանդակութիւնը Ատրպէյճանին ու յայտնեց իր մտահոգութիւնը ամերիկեան քաղաքականութեան ներգործութեան հանդէպ շրջանի աշխարհաքաղաքական վիճակին վրայ, անհրաժեշտ գտնելով այդ օժանդակութեան յաւելեալ հաշուետուութիւնը, քանի որ «նոյնիսկ այսօր, հայ ժողովուրդը կը շարունակէ սպառնալիքներ դիմագրաւել, զորս կարելի չէ անպատասխան ձգել»։

Այնպիսի ժամանակի մը, երբ «մենատիրական վարչակարգեր կը սպառնան ժողովրդավարական ազգերու եւ սկզբունքներու աշխարհի շուրջ», ցեղասպանութեան մասին ուսուցումը կենսական է։ «Գիտեմ, որ կրթութիւնը կարեւոր է Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին, որուն հետ վերջերս խօսելու առիթը ունեցած եմ», ըսաւ ծերակուտական Մենէնտէզ, աւելցնելով, որ «գիտեմ, որ կրթութիւնը կարեւոր է այստեղ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ եւս», ակնարկելով ժողովը հիւրընկալող Ֆիլատելֆիայի եկեղեցիին։

«Մեր զաւակներուն եւ աշխարհին պէտք է ճշմարտութիւնը սորվեցնենք», ինչ որ հիմնական է մերօրեայ խժդժութիւններու առաջքը առնելու համար։ «Երբ օսմանցի թուրքերը իրենց ոճիրը գործադրեցին հայերուն դէմ, ո՛չ միայն զիրենք տուներէն հանեցին ու անապատ ղրկեցին բնաջնջուելու համար», շարունակեց, այլ «քանդեցին հին վանքեր ու գիւղեր, հրահանգեցին որ լեռներ, գետեր ու քաղաքներ որ հայերէն լեզուն կը գործածէին պէտք է թրքերէնով վերանուանուէին, փորձեցին ջնջել ամբողջ ժողովուրդ մը եւ իր հպարտ պատմութիւնը»։

Եզրափակելով, կոչ ուղղեց անոնց, «որոնք այս ցեղասպանութեան քաջ վերապրողներուն ժառանգորդներն են», որ «անոնց յիշատակը կենդանի» պահեն։ Նաեւ յորդորեց անոնք, որոնց սիրելիները «կ՚ապրին բիրտ մենատէրերու շուքին տակ, որոնք հրասայլերով ու ռումբերով կը փորձեն քարտէսը վերագծել», որ իրենց յոյսը չկորսնցնեն։ Եւ վերջապէս խնդրեց, որ «անոնք, որ իրենց գլուխները կը խոնարհեն այստեղ՝ Ֆիլատելֆիայի մէջ, ինչպէս եւ ամբողջ երկրի տարածքին, որ աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան համար»։