Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

22 ՄԱՅԻՍ, 2022 – ԶԱՏԿՈՒԱՆ Զ. ԿԻՐԱԿԻ

22 ՄԱՅԻՍ, 2022
ԶԱՏԿՈՒԱՆ Զ. ԿԻՐԱԿԻ

Ընթերցումներուն մասին. Երկուշաբթի, 25 Ապրիլէն մինչեւ Հոգեգալուստ (5 Յունիս), իւրաքանչիւր օր չորս աւետարանները հետեւեալ կարգով կը կարդացուին. 1) Առաւօտեան՝ Ղուկաս, 2) Կէսօրին՝ Յովհաննէս, 3) Երեկոյեան՝ Մատթէոս, 4) Երեկոյեան աւարտին՝ Մարկոս։ Հոգեգալուստին, չորս աւետարանները կը կարդացուին մինչեւ խաչելութեան պատումը։

Ընթերցումներ՝ 1) Ղուկաս 14:25-15:32; 2) Յովհաննէս 7:14-23; 3) Մատթէոս 16:13-17:13  4) Մարկոս 8:27-9:12

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 9:39-10:10

Յիսուս ըսաւ.

Դատաստան ընելու եկայ այս աշխարհը, որպէսզի չտեսնողները տեսնեն եւ անոնք որ կը տեսնեն՝ կուրնան:

Փարիսեցիներէն ոմանք, որ շուրջն էին, լսեցին ասիկա եւ հարցուցին.

Արդեօք մե՞նք ալ կոյր ենք:

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք պիտի չունենայիք. բայց քանի կ’ըսէք թէ կը տեսնէք, կը նշանակէ՝ թէ ձեր մեղաւոր ըլլալը կը հաստատէք:

Հաստատ գիտցէք, ան որ ոչխարներուն փարախը  դռնէն չի մտներ, այլ ուրիշ տեղէ կը մագլցի, անիկա գող է եւ աւազակ. իսկ ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է: Դռնապանը դուռը կը բանայ անոր, եւ ոչխարները իր ձայնին կը հետեւին: Իրենց անուններով կը կանչէ իր ոչխարները եւ դուրս կը տանի զանոնք: Եւ երբ իր ոչխարները դուրս կը հանէ՝ ի՛նք կ’առաջնորդէ, եւ ոչխարները կը հետեւին իրեն, որովհետեւ իր ձայնը կը ճանչնան: Օտարին չեն հետեւիր. ընդհակառակը, կը փախչին անկէ, որովհետեւ օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար:

Յիսուս այս առակը խօսեցաւ անոնց, սակայն անոնք չհասկցան թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզէր իրենց: Ուստի Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց.

Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը: Բոլոր անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող էին եւ աւազակ. բայց ոչխարները անոնց չհետեւեցան: Ե՛ս եմ դուռը: Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ: Գողը կու գայ միայն գողնալու, սպան­նելու եւ փճացնելու համար: Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան:

 ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 20:17-38

Միլետոսէն Պօղոս լուր ղրկեց Եփեսոս եւ եկեղեցւոյ երէցները իր քով կանչեց: Երբ անոնք եկան, ըսաւ անոնց.

Դուք անձամբ գիտէք, թէ Ասիա գալուս առաջին օրէն ի վեր ի՛նչպէս վարուեցայ ձեզի հետ, ամբողջ այս ժամանակամիջոցին: Ամենայն խոնարհութեամբ եւ յաճախ արցունքով ծառայեցի Տիրոջ, Հրեաներուն նիւթած բոլոր փորձութիւնները կրելով: Գիտէք, թէ բնաւ չքաշուեցայ ձեզմէ, օգտակար բաներու մասին խօսեցայ եւ սորվեցուցի ձեզի, հրապարակաւ ըլլայ թէ տուներու մէջ: Թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ՛ հեթանոսներուն տուի նոյն վկայութիւնը եւ պատգամը՝ ապաշխարութեամբ Աստուծոյ դառնալու եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հաւատալու:

Հիմա, ահաւասիկ, Սուրբ Հոգիին մղումով Երուսաղէմ կ’երթամ: Չեմ գիտեր թէ հոն ի՛նչ պիտի պատահի ինծի: Միայն գիտեմ, թէ ամէն մէկ քաղաքի մէջ Սուրբ Հոգին կ’ազդարարէ ինծի, ըսելով թէ բանտարկութիւն եւ նեղութիւն կը սպասեն ինծի: Բայց հոգս չէ. ինծի համար կարեւորը կեանքս չէ, այլ՝ կ’ուզեմ ուրախութեամբ իր վախճանին հասցնել սկսած գործս, այն պաշտօնը որ Տէր Յիսուս տուաւ ինծի՝ Աստուծոյ շնորհքը աւետարանելու:

Հիմա գիտեմ, թէ այսուհետեւ պիտի չտեսնէք զիս: Եկայ ձեզի բոլորիդ, շրջեցայ եւ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզեցի, եւ ահաւասիկ կը յայտարարեմ այսօր՝ թէ խիղճս հանդարտ է, որովհետեւ առանց քաշուելու յայտնեցի ձեզի Աստուծոյ կամքը: Հսկեցէ՛ք ձեր անձերուն եւ ձեր ամբողջ հօտին, որուն տեսուչ կարգեց ձեզ Սուրբ Հոգին: Հովուեցէ՛ք Տիրոջ եկեղեցին, որ ան իր արիւնով գնեց: Որովհետեւ գիտեմ, թէ իմ մեկնումէս ետք յափշտակիչ գայլեր պիտի մտնեն ձեր մէջ, որոնք պիտի չխնայեն հօտին: Ձեր մէջէն եւս պիտի ելլեն մարդիկ, որոնք սխալ բաներ պիտի ուսուցանեն, հաւատացեալները իրենց ետեւէն տանելու համար: Հետեւաբար արթո՛ւն եղէք, յիշեցէք թէ ի՛նչպէս երեք տարի անդադար, գիշեր ու ցերեկ, արցունքով խրատեցի իւրաքանչիւրդ: Եւ հիմա ձեզ կը յանձնեմ Աստուծոյ եւ իր շնորհքի Աւետարանին, որ կրնայ ձեզ հոգեւորապէս աճեցնել եւ իր բոլոր սուրբերուն ժառանգակից դարձնել: Ոեւէ մէկուն արծաթին, ոսկիին կամ հագուստին չցանկացի: Դուք ինքնին գիտէք, թէ իմ այս ձեռքերովս շահեցայ եւ հոգացի թէ՛ իմ եւ թէ՛ ընկերակիցներուս պէտքերը: Եւ կեանքիս օրինակով ցոյց տուի՝ թէ այսպէս պէտք է աշխատիլ եւ տկարներուն օգնել, յիշելով այն խօսքը որ Տէր Յիսուս ինք ըսաւ, թէ՝ «Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը»:

Իր խօսքը վերջացնելէ ետք, Պօղոս բոլորին հետ ծունկի եկաւ եւ աղօթեց: Բոլորը սկսան լալ եւ Պօղոսի վիզին փաթթուելով կը համբուրէին զինք: Կը մորմոքէին մանաւանդ անոր համար, որ կ’ըսէր՝ թէ այլեւս զինք պիտի չտեսնեն: Ապա անոր ընկերացան մինչեւ նաւ: