(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 15 Մայիս)
Այսօր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ Յարութեան հինգերորդ Կիրակին Հայ Եկեղեցին կը տօնախմբէ Սուրբ Խաչի Երեւման տօնը, որ տեղի ունեցաւ 351 թուականին, Կոստանդիանոս կայսեր որդւոյն՝ Կոստանդին կայսրի օրով։ Այս մասին թանկագին վկայութիւն ունինք Երուսաղէմի Կիւրեղ Պատրիարքէն՝ գրուած օրուան կայսեր, որով կը նկարագրէ այս հրաշալի երեւումը։ Հատուած մը այդ նամակէն վայելենք եւ ապա անցնինք խորհրդածութեան.
«7 Մայիսին, առաւօտեան ժամը իննին, լուսապայծառ խաչաձեւ հսկայ զանգուած մը երկնքի մէջ երեւցաւ Գողգոթա լերան վրայ, հասնելով մինչեւ Ձիթենեաց լեռ։ Ասիկա տեսնուեցաւ ո՛չ միայն մէկ կամ երկու անձերու կողմէ, այլ յստակ կերպով ամբողջ քաղաքին մէջ գտնուողներու կողմէ․․․»
Սուրբ Խաչը մեծարուած է բոլոր Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներուն կողմէ, Փրկագործութեան Խորհուրդին մէջ իր ունեցած իւրայատուկ դերին համար։ Եդեմի մէջ մեր նախածնողքը՝ անհնազանդ գտնուելով բարիի եւ չարի գիտութեան ծառի պտուղի ճաշակումով, արտաքսուեցան դրախտէն, որպէսզի Կենաց ծառին չմօտենան։ Մինչ Խաչելութեան մահը, որ ամենէն դաժանն էր, Քրիստոսով նոր իմաստ ունեցաւ, եւ Խաչեալով Խաչը հանդիսացաւ Կենաց նոր Ծառը։ Աստուծոյ Միածին Որդիին մահու աստիճան հնազանդութեամբ, Խաչի խորհուրդը բոլոր հաւատացեալներուն համար դարձաւ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու փրկարար միջոց մը։
Խաչը Աստուծոյ Գառնուկին (Յհ 1.29) սրբազան զոհասեղանը ըլլալով հանդերձ, որուն վրայ պատարագուեցաւ յաւիտենական քաւութեան Նոխազը մեր մեղքերու մաքրութեան համար, բոլոր դարերու քրիստոնեաներու կեանքին մէջ ունի գոյութենական պատգամ մը։ Նիւթական իր արժէքէն անդին, Քրիստոսի ուսուցման ընդմէջէն Խաչը նոր կենցաղավարութեան խորհրդանիշը եղաւ նմանելու Յիսուս Քրիստոսի կեանքին։ Խաչը կրել՝ արծաթ կամ ոսկի կրելու կողքին, կը նշանակէ բոլոր մակարդակներու վրայ մեր կեանքը ապրիլ Մարդացեալին նման։ Խաչը կրելու կոչուածներուն կեանքը դժուար է, սակայն ո՛չ անկարելի, որովհետեւ Խաչակիրը՝ Ինք խոստացաւ, ըսելով՝ «Իմ լուծս քաղցր է եւ բեռս թեթեւ» (Մտ 11.30)։ Մարդկային սահմանափակ իմաստութեան եւ փորձառութեան պրիսմակէն դիտուած, անկարելիութիւն է Իրեն նմանիլը, որ «Ինքզինք դատարկեց աստուածային փառքէն» (Փիլ 2.7), սակայն երբ ամբողջ սրտով յանձնուինք Իրեն, մեր մէջ մարմնի օրէնքի փոխակերպումը պիտի զգանք, եւ նոր կեանքով պիտի քալենք Սուրբ Հոգիի իշխանութեամբ։ Պօղոս Առաքեալ իր անձնական օրինակին ընդմէջէն բաժնելով այս փորձառութիւնը, կ՛ըսէ․ «Քրիստոսի հետ խաչուած եմ, ես չէ որ կ՛ապրիմ, այլ Քրիստոս իմ մէջս» (Գաղ 2.20)։
Քրիստոսի հետ խաչակցութիւնը իր ողջ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ մեր մտածումներուն, զգացումներուն, իղձերուն, վարմունքին ու յարաբերութեան վրայ, եւ այս ապրելակերպը կ՛ապահովէ մեծագոյն վարձատրութիւնը։ Իր Փառաւորեալ Գալուստին, որուն կարապետը պիտի ըլլայ լուսաւոր Խաչը, իրեն հաւատացողները յարութիւն առնելով ժառանգակից պիտի ըլլան Իրեն եւ յաւիտենական կեանքը պիտի վայելեն։
Խաչի Երեւման տարածութիւնը խոր պատգամ մը կը բերէ բոլորիս, երբ աշխարհագրական տարածքէն անդին կարենանք թափանցել երկու վայրերու խորհուրդին։ Գողգոթան վերջին կայանն է Խաչը կրելուն, իսկ Ձիթենեաց լեռը այն վայրն է, ուրկէ մեր Տէրը երկինք համբարձաւ եւ զոյգ հրեշտակներ ծանուցին իր փառաւոր կրկին Գալուստը, մեզի աւետելով որ մենք եւս երբ մեր խաչը կրենք եւ երկրէն բաժնուելու ատեն մեր հոգին յանձնենք բարի հրեշտակի, աստուածային յաւերժական ծրագրի ամբողջացման ատեն մաս եւ բաժին պիտի ունենանք անճառ բարիքներէն, որոնք պատրաստուած են աշխարհի սկիզբէն ի վեր իր սուրբերուն համար։
Այս յոյսով տօնախմբենք Սուրբ Խաչի Երեւման տօնը։ Խնդրենք Տիրոջ Խաչեալ Ծառայէն, որ մեր մարմիններուն մէջ դրոշմէ Խաչի զօրութիւնը, զայն տարածելով մեր մտքէն մինչեւ սիրտն ու հոգին, որպէսզի խաչենք բոլոր աշխարհային փորձութիւնները, եւ մեր հաւատքով միանանք Անոր, Որուն մէջ վկայեցինք Աստուծոյ Փառքը (Յհ 1.14), եւ Որուն միջոցաւ Սուրբ Հոգիի պարգեւները առատապէս կը հեղուն մեր վրայ, եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։