ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ
Շաբաթ, 21 Մայիսին, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) Հովիւի եւ հոգաբարձութեան կողմէ հեծելարշաւի ձեռնարկ կազմակերպուած էր Dr. Paul Dudley White հեծանիւներու ճանապարհին մէջ՝ Չարլզ Ռիվըր Փարքի տարածքին։ Յանձնախումբը, դիմաւորելէ ետք մասնակիցները, իւրաքանչիւրին յանձնեց ջուրի եւ սննդանիւթի պաշար։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, քսանհինգ պատանիներ ու երիտասարդներ, հակառակ աննպաստ օդին՝ 98 ջերմաաստիճանով, բարեկամական մթնոլորտի մէջ շուրջ տասնեւհինգ մղոն մարզական հաճելի փորձառութիւն մը ունեցան։
Նոյն երեկոյ, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը։ Տնօրէնուհի տիկ. Նայիրի Պալճեան-Պէլ իւրաքանչիւր շրջանաւարտի ամփոփ կենսագրականի կողքին անոնց առանձնայատկութիւնները նշեց։ Այնուհետեւ, անոնք ստացան իրենց վկայականները եւ տնօրէնութեան կողմէ պատրաստուած յատուկ նուէրներ։
Հանդէսէն ետք տեղի ունեցաւ Կիրակնամուտի ժամերգութիւն։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դպիր ձեռնադրեց Տանիէլ Ալեքսանտրը, Աւետիս Պէլը, Յակոբ Քէչէճեանը եւ Արամ Ստեփանեանը, իսկ Կիսասարկաւագ ձեռնադրեց Դաւիթ Թորամանեանը։ Սրբազան Հայրը գնահատեց ձեռնադրեալներուն ծառայելու կամեցողութիւնը եւ քաջալերեց որ նոյն ոգիով շարունակեն իրենց հոգեւոր աճը։
Կիրակի, 22 Մայիսին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց եւ յընթացս Սուրբ Պատարագին Սարկաւագ ձեռնադրեց Յովհաննէս Կիսասարկաւագ Տաղլեանը, որդին՝ հոգելոյս Տ. Արշակ Ա. Քհն. Տաղլեանին։ Քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը շեշտեց հիմնական այն կէտը, որ Սարկաւագութիւնը՝ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան առաջին աստիճանն է ծառայութեան, որ կը ցոլացնէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի առաքելութիւնը։ Ան յայտնապէս ըսաւ. «Ես եկայ ո՛չ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու» (Մտ 20.28)։ Ձեռնադրութեան աղօթքէն մէջբերում ընելով, մաղթեց որ Յովհաննէս Սարկաւագը «անուշահոտ կեանքի բուրմունքով», այլ խօսքով՞ հաւատքի, սիրոյ, խոնարհութեան, եւ այլ առաքինութեանց բուրմունքով հաւատացեալները առինքնէ եւ հրաւիրէ Քրիստոսի։
Դպրաց, Կիսասարկաւագի եւ Սարկաւագի ձեռնադրութիւններուն խարտաւիլակութեան պաշտօնը կատարեց եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանը։
Պատարագէն ետք, Հովիւ Հոգաբարձութիւն եւ Տիկնանց Միութիւն, ի պատիւ նորընծայ Սարկաւագին կազմակերպած էին արժանավայել ընդունելութիւն։ Սրբազան Հայրը, անգամ մը եւս դրուատելով ընծայեալին արժանիքները, յայտնեց, թէ Տաղլեան ընտանիքը Լիբանան իրենց կեցութենէն մինչեւ օրս եղած է օրինակելի եկեղեցասէր եւ ազգանուէր ընտանիք մը, ուրախութեամբ իրենց ծառայական նպաստը բերելով գաղութին, Առաջնորդարանին եւ Կաթողիկոսարանին։ Ապա, ամփոփ կերպով ներկայացուց Առաջնորդարանի նոր ծրագիրները՝ զօրացնելու համար գաղութային կեանքը։ Իր կարգին, Յովհաննէս Սարկաւագ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ եկեղեցւոյ բոլոր մարմիններուն իրեն ընծայուած այս պատիւին ու յարգանքին համար, եւ խոստացաւ, որ նոյն յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Հոգեպարար արարողութենէն եւ ձեռնարկէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հովիւին եւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ ազգային վարժարանի տնօրէնուհի՝ տիկ. Հուրի Պոյամեանի հետ ուղղուեցաւ վարժարան։ Երկու տարուան ընդհատումէ ետք այս տարի շարունակելով գեղեցիկ աւանդութիւն մը, վեց աշակերտներ պիտի մեկնէին Հայաստան։ Սրբազան Հայրը անակնկալ գրաւորի ձեւով աշակերտներուն հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կը ներկայացնեն այն վայրերը ուր պիտի այցելէին, այսպէս ՝ Խոր Վիրապ, Սուրբ Էջմիածին, Օշական, Մատենադարան, Սարդարապատ, Ծիծեռնակաբերդ, եւ այլն, եւ գոհացուցիչ պատասխան ստանալով, գնահատեց անոնց ուսումնական պաշարը։ Աղօթքով խնդրեց Բարձրեալէն, որ Տէր Յիսուս Քրիստոս Ի՛նք ըլլայ առաջնորդը այս խմբակին, եւ երկնային իմաստութեամբ զարգացնէ զիրենք ճանբորդութեան ամբողջ ընթացքին, որպէսզի իրենց Հաւատքի եւ Ինքնութեան գիտակցութեան մէջ վերածնելով, վերադառնան եւ ըլլան պատգամաբերները հայու անմահ ոգիին։