Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԱՍՏՈՒԱԾՈՐԴԻԻՆ ՆՄԱՆԵԼՈՒ ԱՌԱՆՁՆԱՇՆՈՐՀՈՒՄԸ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 22 Մայիս)

Այսօր, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան վեցերորդ Կիրակին, առաքելական նամակի ընթերցումը նշուած է Յովհաննու Գ․2-6։ Առաքեալը կ՛ըսէ. «Սիրելինե՛ր, այժմ Աստուծոյ որդիներ ենք: Թէ ի՛նչպէս պիտի ըլլանք յետոյ՝ տակաւին չենք գիտեր: Բայց գիտենք թէ՝ երբ Քրիստոս յայտնուի, իրեն նման պիտի ըլլանք, որովհետեւ զինք պիտի տեսնենք իր իսկութեան մէջ: Ով որայս յոյսը ունի՝ ինքզինք կը մաքրէ, ինչպէս որ Քրիստոս ինք մաքուր է»։

Շատ կուռ, սակայն կարեւոր հաստատում մը կ՛ընէ Յովհաննէս՝ Քրիստոսի սիրեցեալ աշակերտը, ոռոգելով Քրիստոսով խարսխուած մեր յոյսը։ Ուստի, Առաքեալին անխախտ վստահութեան ոգիէն շիթեր օգտագործելով, թարմացնենք մեր հաւատքը։

Յիսուս Քրիստոս բոլորիս ծանօթ Տէրունական Աղօթքով սորվեցուց, թէ Աստուծոյ որդիներ ենք։ Յովհաննէս Առաքեալ, որ Երկնքի Արքայութեան անցուդարձերու Յայտնութեամբ առանձնաշնորհուած էր, նախ կը յիշեցնէ այս աշխարհի մէջ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու մեր բացառիկ պատիւը, ապա, ամենայն խոնարհութեամբ, «ի՛նչպէս պիտի ըլլանք յետոյ՝ տակաւին չենք գիտեր» խօսքով կը խոստովանի, թէ մեզի վերապահուած գերագոյն վիճակը ծանօթ է միայն Արարիչին՝ մեր երկնաւոր Հօր։

Երկնայինին յայտնութիւնը՝ Յովհաննէս Առաքեալին, լոկ ճաշակ մըն էր յայտնուելիք կատարեալին, բայց եւ այնպէս յոյսի համար տոկուն հիմք էր։ Ճիշդ է, որ մեր գոյութեան ֆիզիքականէն հոգեւորի փոխակերպուիլը անըմբռնելի կը մնայ մարդկային մեր մտքին, այնուամենայնիւ, վստահութիւնը ունինք, թէ Աստուածամարդ մեր եղբօր՝ Յիսուսի ազգակցութեամբ, պիտի գերպատուուինք Իր ներկայութեան։

Երկնքի արքայութեան մէջ վայելելիք գերագոյն փառքի նշոյլը, որ Մարդացեալն Աստուած յայտնեց Իր ուսուցումով, Այլակերպութեամբ, Խաչի վրան զոհաբերեալ սիրով եւ Համբարձման ժամանակ Իր խոստումով, բոլոր դարերու քրիստոնեաներու համար հաւատքի ու յոյսի ուխտագնացութիւնը զօրացնող մեծագոյն ներոյժն է։ Հին Կտակարանի մէջ, Մովսէսի թոյլ տրուեցաւ խոստացեալ երկիրը տեսնել միայ հեռուէն (Բ Օր 32. 48-50)։ Ան չէր կրնար պատկերացնել, թէ ինչպէ՞ս այդ երկիրը պիտի դառնար այն ինչ որ խոստացուած էր, սակայն հաւատաց Աստուծոյ խօսքին, որ այնքան Նշաններ ցոյց տուած էր Իսրայէլի որդիներուն։

Խոստացուած երկրի այս գաղափարը իւրայատուկ չէ միայն կրօնի ու հաւատքի պարագային, այլ կը վերաբերի նաեւ մեր առօրեայ կեանքին։ Օրինակ մը տալու համար, նշենք «Ազատներու Երկիր»ը անհամար ներգաղթողներու հոգեկան ցնծութիւնը, երբ հեռուէն կը նշմարեն Ազատութեան արձանը։ Վստահ որ անոնք չեն կրնար լիովին պատկերացնել քաղաքացի դառնալու ճանապարհին դիմագրաւելիք բոլոր դժուարութիւնները, սակայն հետագայի բարիքներու ողողումի յոյսով անոնք ներշնչումով կը նային դէպի ապագան։

Առաքեալը նաեւ կը յիշեցնէ մեզի, թէ Փրկագործութեան ընթացքը իր աւարտին չհասաւ Քրիստոսի Համբարձումով, որ Ստեղծագործութիւնը Ծրագրողին յաւիտենական ծրագրի մէկ հանգրուանը կը կազմէր, ներառնելով խանգարումի ամէն ծրագիր Չարին կողմէ։ Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի յայտնուի Համբարձեալը, մեր հասողութենէն վեր է։ Յիսուս Ի՛նք եւս խոնարհաբար յայտնեց, թէ ո՛չ ոք գիտէ, ո՛չ  հրեշտակները եւ ո՛չ ալ Մարդու Որդին, բացի Հօրմէն (Մտ 24.36) ։ Արդարեւ, առանց Քրիստոսի միւսանգամ Գալուստին, մասնակի եւ անաւարտ պիտի մնար Աստուածորդիին գերագոյն զոհողութեան սրբազան առաքելութիւնը, որով «Աստոած պիտի ըլլայ ամէն ինչ՝ ամէն բանի մէջ» (Ա Կր 15.28)։ Առաքեալին խօսքը, թէ «պիտի տեսնենք Զինք» ցանկութիւն մը կամ ինքնախաբէութիւն մը չէ,այլ այն վստահութիւնն է որ հիմնուած է Քրիստոսի փափաքին վրայ, որով Ան երբ աղօթեց Հօր, խնդրեց՝ «Հա՛յր, կը կամիմ,  անոնք որ Ինծի տուիր, անոնք ըլլան նաեւ հոն ուր եմ, որպէսզի տեսնեն փարքս, որովհետեւ Դուն Զիս սիրեցիր աշխարհի ստեղծումէն առաջ» (Յհ 17.24)։

Առաքեալին յայտնաբերած անզուգական պատիւը, որ մեզի պիտի տրուի, այն է թէ մենք Քրիստոսի նման պիտի ըլլանք։ Հաստատում մըն է, որ կ՛անդրանցնի մարդկային ամէն երեւակայութիւն։ Հիմնուելով մեր Տիրոջ Յիսուսի ուոուցման, եթէ սիրող հայրը ամէն ակնկալութիւն գերազանցելով իր անառակ որդին վերահստատեց նախկին պատիւին մէջ (Ղկ 15.11-32), նմանապէս ապաւինելով մեր երկնաւոր Հօր գերագոյն սիրոյն, կրնանք վստահիլ, թէ Ան որ Իր Միածին Որդին առաքեց մեզ փրկելու համար, նաեւ կարող է մեզ երկնաւոր մեր Եղբօր նման ընել։

Բոլորս որ կը յուսանք Աստուծոյ խոստումը վայելել,  մնայուն պարտինք զմեզ մաքրագործել Իր Ողորմութեամբ, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։