Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՚ՈՐԴԵԳՐԷ

12-14 Մայիսին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ֆիլատելֆիա), ուրախութիւնն ու լաւատեսութիւնը կը տիրէին Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին ընթացքին։ Երեսփոխանները առաջին անգամ կը հանդիպէին դէմ առ դէմ, անորոշութեան երկու տարիէ ետք, ուր պսակաձեւ ժահրի համավարակը, պատերազմներ եւ աշխատելու ու յարաբերելու նոր կերպեր ցնցեցին աշխարհը, մինչ ամբողջ երկիրներ տնակալման (lockdown) կը դիմէին տարածուող հիւանդութեան առաջքը առնելու նպատակով։ Այսուհանդերձ, բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կան մեր առջեւը, որոնց անդրադարձը տեղի ունեցաւ նիստերուն ընթացքին։

Երեսփոխանական Ժողովին ուղղուած իր պատգամին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդգծեց, որ եկեղեցին կազմակերպութիւն մը չէ։ «Առաքելութիւն մըն է», ըսաւ, եւ երեսփոխանները այդ ոգիով աշխատեցան՝ Արեւելեան Թեմի ապագայի ծրագիրները գծելու եւ քննելու ժամանակ։

Ընթացիկ քննութիւններէն ու քուէարկութիւններէն անդին, ժողովի կարեւոր նորութիւններէն մէկն էր յանձնախումբի մը ստեղծումը, որ պիտի քննէ ու ցուցակագրէ Առաջնորդարանի բաժանմունքներուն ու կայքէջին մէջ կուտակուած նիւթերը (Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունք, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդ, “Crossroads”, եւ այլն)։ Այս նոր մարմինը պիտի զարգացնէ բովանդակութեան եւ արտահաս գործունէութեան ծրագիր մը, որ կը ներառէ աշխատանքի ուղեգիծերու պատրաստութիւնը եկեղեցիներուն համար եւ դաստիարակչական տեսերիզներու ու այլ նիւթերու նորարար եւ արհեստավարժ մշակումը, եւ անհրաժեշտ գումարը պիտի յատկացնէ այս բոլոր նպատակներու իրագործման համար ատակ անձերու մասնակցութեամբ։

Այս շարժումը իբրեւ հիմք ունի Ազգային Առաջնորդարանի ցուցաբերած պատասխանը՝ համավարակի ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն, որ պահանջեց թուային հաղորդակցութեան լայնատարած որդեգրումը հաւատացեալներուն հասանելի ըլլալու համար։ Մինչ աշխարհը կը փորձէ վերադառնալ համավարակի նախընթաց օրերու կեանքին, միաժամանակ յստակ կը դառնայ, որ հաղորդակցութեան եւ աշխատանքի նոր սովորութիւնները մնայուն դառնալու ճանապարհի վրայ են։ Այս յանձնախումբը Առաջնորդարանի պատասխանը պիտի ըլլայ նորահաստատ ընթացիկ կեանքի սովորութիւններուն։