Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱԽՈԽԵԱՆ (ծնունդ՝ 31 Մայիս, 1869)

Վարդան Մախոխեան ծովանկարչութեան լաւագոյն մասնագէտը եղած է հայոց մէջ՝ ռուսահայ հռչակաւոր ծովանկարիչ Իւան (Յովհաննէս) Այվազովսկիէն ետք։

Ծնած է Տրապիզոն, 31 Մայիս, 1869ին։ Հայրը վաճառական էր եւ ուզած է որ իր վեց որդիներն ու դուստրերը լաւ կրթութիւն ստանան։ Վարդան Մախոխեան յաճախած է տեղական հայկական վարժարանը, ուր հետաքրքրուած է գծագրութեամբ։ Այնուհետեւ, 1882-1887ին, յաճախած է Կարնոյ նշանաւոր Սանասարեան վարժարանը, ուր նկարչութեան հանդէպ իր սէրը զարգացած է եւ միաժամանակ դարձած է խոստմնալից ջութակահար եւ հետեւած՝ երաժշտութեան տեսութեան դասաւանդութեան։

Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Մախոխեան վերադարձած է Տրապիզոն եւ ծնողքին յայտարարած, թէ նկարչութեան ասպարէզին պիտի նուիրուի։ 1891-1894ին, իր նկարչական կրթութիւնը ստացած է Պերլինի գեղարուեստից ակադեմիային մէջ։ Աւարտելէ ետք, Խրիմ ճամբորդած է, ուր հանդիպած եւ աշխատած է Այվազովսկիի հետ։ Տրապիզոն վերադառնալով 1895ին, Համիտեան ջարդերուն ականատես եղած է։ Փախած է Պաթում եւ ապա՝ Եւրոպա, ուր սկսած է ցուցադրել իր գործերը։ Առաջին ցուցահանդէսներէն մէկը տուած է Պերլինի մէջ (1900), ուր 1904ին անդամակցած է Արուեստագէտներու Ընկերակցութեան։ Նոյն տարին ճամբորդած է Եգիպտոս եւ ցուցահանդէսներ ունեցած է Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ։ Այնուհետեւ իտալական Գափրի կղզին հաստատուած է, որ գրականութեան ու արուեստի դէմքերու նախասիրած օթեւաններէն մէկն էր այդ տարիներուն։ 1907ին Գերմանիա վերադառնալով, մասնակցած է տարբեր ցուցահանդէսներու՝ Պերլինի, Տիւսելտորֆի եւ Միւնիխի մէջ։

Օսմանեան յեղափոխութենէն ետք, 1908ին Մախոխեան վերադարձած է Տրապիզոն, ուր շարունակած է ստեղծագործել մինչեւ 1914։ Սակայն, Ա. Աշխարհամարտի պայթումով, մեկնած է Լոնտոն, ուր ցուցահանդէս մը ունեցած է եւ ապա՝ Ֆրանսա, պատերազմէն ետք հաստատուելով Նիս, ուր ապրած է մինչեւ կեանքի վերջը։ 1925ին ստացած է Պատուոյ Լեգէոնը, իսկ երկու տարի ետք՝ ֆրանսական քաղաքացիութիւն։ Փարիզի սալոնին իր մասնակցութիւնը բերած է 1921ին, 1922ին եւ 1927ին։ Ցուցահանդէսներ տուած է Մարսէյլի (1923), Նիսի (1918, 1932, 1936) եւ Մոնթէքարլոյի մէջ (1932)։

1915ին, Մախոխեան «Հայաստանի հեկեկանքը» խորագրուած համանուագ մը յօրինած է՝ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին։ Առաջին անգամ ներկայացուած է Մոնթէքարլոյի (1918) եւ ապա՝ եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ։

Հռչակաւոր նկարիչը մահացած է 10 Փետրուար, 1937ին, Նիսի մէջ, 67 տարեկան հասակին, երկար հիւանդութենէ ետք։ Անոր նկարները կը գտնուին զանազան թանգարաններու մէջ, ինչպէս Նիսի գեղարուեստից թանգարանը, Հայաստանի ազգային պատկերասրահը, Մխիթարեան Միաբանութիւնը (Վենետիկ), «Կիլիկիա» թանգարանը (Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան, Անթիլիաս), Ս. Էջմիածնի Վեհարանը եւ այլ վայրեր։