ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ՝ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՄԻՕՐԵԱՅ ԺՈՂՈՎ
Չորեթշաբթի, 11 Մայիսին, Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ գումարուեցաւ Թեմիս հոգեւորականաց միօրեայ ժողովը:
Կէսօրին ժամանած հոգեւոր հայրեր Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ սեղանի օրհնութենէն ետք ունեցան իրենց հաւաքական ճաշը: Այնուհետեւ, ժողովը սկիզբ առաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման աղօթքով, որմէ ետք եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ներսէս Աւ. Քհն. Մանուկեան, բարի գալուստի խօսք մաղթեց հոգեւորականներուն:
Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան ընտրուեցաւ ժողովի ատենապետ, իսկ Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեան՝ ատենադպիր: Սրբազան Հօր ողջոյնի իր խօսքով գնահատեց գաղութներէն ներս տարուած աշխատանքները եւ ուժ ու կարողութիւն մաղթեց ապագայ ծրագիրներուն եւ գալիք օրերու Երեսփոխանական Ժողովի գործունէութեան: Ապա հրաւիրեց առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանը, որ ընթերցէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսին պատգամը:
Յետմիջօրէին, տիկ. Լիսա Միսաքեան ներկայացուց Ուայթընզվիլի հայոց պատմութիւնը եւ ներկան, ցոյց տալով անոր նուիրուած կայքէջը եւ պատասխանելով հարցումներուն:
Դադարէ մը ետք, “Pastoral Care Covid Era” նիւթով ներկայացում մը կատարուեցաւ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի համակարգումով եւ Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեանի ու Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանի մասնակցութեամբ ու ներդրումով: Ներկայացումէն ետք, հոգեւորականները խումբերու բաժնուեցան երեք նիւթեր քննարկելու համար եւ աւարտին իրենց զեկոյցը ներկայացուցին:
Ապա կատարուեցաւ Երեսփոխանական Ժողովի հոգեւորական պատգամաւորներու ընտրութիւն։ Քուէարկութեան արդիւնքով, Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան, Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան, Արժպ. Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան եւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան պատգամաւոր ընտրուեցան: Ընտրութենէն ետք, Կրօնական Ժողովի ատենագրութեան նշումներն ու գնահատականները փոխանցուեցան: Ապա քահանայ հայրեր հովուական կեանքի փորձառութիւններ փոխանակեցին իրարու հետ եւ ժողովը իր աւարտին հասաւ ատենապետի եզրափակիչ շնորհակալական խօսքով:
Երեկոյեան ժամերգութեան հաւաքական աղօթասացութեամն աւարտին, Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը ներկայացուց: