Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ՝ ՅԱԿՈԲ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ՎԵՐ ԿԸ ՀԱՆԷ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին ներկայացնելով 2021-2022ի տեղեկագիրը, Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Յակոբ Խաչատուրեան, վեր հանեց Ազգ. Առաջնորդարանի կատարած աշխատանքը՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի ղեկավարութեամբ, հաւատացեալներու կարիքներուն հետեւողականօրէն հասնելու պսակաձեւ ժահրի համավարակի երկու տարիներուն ընթացքին, յատկապէս առցանց ոլորտին մէջ ունեցած ծաւալումով։ Խիստ դժուարին պայմաններու տակ, Առաջնորդարանը ո՛չ միայն ընդլայնեց իր առաքելութիւնը, այլ նաեւ կարողացաւ զօրաշարժի ենթարկել համայնքը, օգնութեան հասնելով թէ՛ Հայաստանին ու Արցախին՝ 2020ի պատերազմէն ետք, եւ թէ՛ Լիբանանի հայ համայնքին, որ կը դիմագրաւէ երկրի պատմութեան ամենէն ահաւոր ընկերա-տնտեսական տագնապը։

Յայտնելով այն ակնկալութիւնը, որ ծուխերը պիտի կարենան վերսկսիլ իրենց կեանքը ինչպէս որ էր համավարակէն առաջ,  տիար Խաչատուրեան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ երեսփոխանները առաջին անգամ ըլլալով դէմ առ դէմ կը հանդիպէին 2019էն ի վեր։ Այլ ծրագիրներու շարքին, ան յիշեց Ազգային Առաջնորդարանի 65ամեակի տօնակատարութեան ծրագիրը։

Ելեւմտական գետնի վրայ, բանախօսը անդրադարձաւ տեղական ու համաշխարհային առկայ մարտահրաւէրներուն, աւելցնելով, որ հակառակ տնտեսական անկումին, նուիրատուութիւններէն ու հանգականութիւններէն գոյացած եկամուտը սպասածէն աւելի բարձր եղած է։ Միաժամանակ, Արեւելեան Թեմը ամբողջութեամբ վճարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աթոռատուրքը։

Թեմիս ղեկավարութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ «Սփիւռքի տարի»ի հռչակումը որդեգրած է իբրեւ Ազգային Առաջնորդարանը վերաշխուժացնելու եւ վերանորոգելու պատեհութիւն։ Պրն. Խաչատուրեան յիշեց Թեմիս հոգեւոր դասուն տարբեր նախաձեռնութիւնները՝ շաբթուան ընթացքին ժողովուրդին հասնելու առցանց միջոցներով, ինչպէս «Աղօթք ժողովուրդին հետ» եւ շաբաթական խորհրդածութիւնները։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր ցուցաբերած անձնուրաց ղեկավարութեան եւ հոգեւոր աներեր առաջնորդութեան համար՝ պաշտօնավարութեան առաջին շրջանին։ Պրն. Խաչատուրեան իր խօսքը եզրափակեց Անուշաւան Արքեպիսկոպոսէն հետեւեալ մէջբերումով.

«Կ՚ուզեմ սիրոյ հուրը բերել մեր առօրեայ կեանքին եւ յատկապէս կեդրոնանալ երիտասարդութեան վրայ, աշխատիլ մեր ժողովուրդի առողջ մտքի ու մարմնի զարգացման եւ վերագտնել մեր ինքնութիւնը իբրեւ ամերիկացիներ, հայեր եւ քրիստոնեաներ»։