ՄԱՅԻՍ 28Ի ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ

Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Փրաւիտընս), դրօշակի օրհնութեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 104ամեակին առիթով։ Հոգեհանգիստ կատարուեցաւ նաեւ ի յիշատակ Մայիս 1918ի ճակատամարտներուն, ինչպէս եւ արցախեան պատերազմներուն ինկած հերոսներուն։