Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՀԱՄԱԼԻՐԸ ՎԵՐԱՇԻՆԵԼ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՆՈՐ ՇՈՒՆՉ, ՆՈՐ ԹԱՓ ՏԱԼ ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ»
Չորեքշաբթի, 25 Մայիսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց քանդուած յուշահամալիրը, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտներուն, Բերիոյ Թեմի միաբան հայրերուն, Հալէպէն, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն, Լաթաքիայէն եւ Քեսապէն ժամանած հայկական միութիւններու եւ ազգային մարմիններու մեծաթիւ ներկայացուցիչներու, Սուրիոյ ապահովական ուժերու, Սուրիական Կարմիր Մահիկ կազմակերպութեան, նահատակներու ընտանիքներու օժանդակութեան յանձնախումբի անդամներու եւ տեղական լրատուամիջոցներու կողմէ:
Վհափառ Հայրապետն ու իրեն ընկերակցող շքախումբը «Հրաշափառ» եւ «Ուրախ Լեր» շարականներու երգեցողութեամբ ուղղուեցան դէպի Սրբոց Նահատակաց Յուշահամալիրի դահլիճ։
Վեհափառ Հայրապետը հայրապետական օրհութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով ողջունեց հայ ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակները ու ըսաւ, թէ Տէր Զօրը մեր ազգի զաւակներուն համար սովորական վայր մը չէ, այլ կենդանի վկայարանն է Հայոց Ցեղասպանութեան: Ան ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի գերեզմանը, այլեւ յարութեան վկայարանը դարձաւ։ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի զաւակները հաստատուելով Սուրիա, Լիբանան եւ այլուր, Տէր Զօրը իրենց հետ տարին որպէս ոգի, որպէս պատգամ երկրագունդի մեր ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու ձեռքբերման: Ահա թէ ինչո՛ւ Տէր Զօրը մեզի համար ուխտավայր է, սրբավայր է:
Նորին Սրբութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին եւ պետութեան, որոնք մեր ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ բացին իրենց դռները, հայրենիքը եւ իրենց հացն ու ջուրը բաժնեկցեցան ցեղասպանութենէն վերապրողներուն հետ: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն ազգերուն, պետութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք ճանչցան եւ դատապարտեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը յայտարարեց․
«Այսօր, այս աւերակներուն դիմաց կանգնած կը յայտարարեմ աշխարհացրիւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ համայն մարդկութեան, թէ մենք պիտի վերաշինենք Տէր Զօրի յուշահամալիրը: Մենք կեանքի ժողովուրդ ենք, տեսլական ունեցող ժողովուրդ ենք: Մենք կը մերժենք մահը, քանդումը, թշնամութիւնը, ատելութիւնը, ունինք կեցուածք այն բոլորին դիմաց, որոնք կը փորձեն մահ, քանդում, աւերակ ցանել ամէն տեղ: Մեր ժողովուրդը լոյսի ու յոյսի, հաւատքի ու վճռականութեան ժողովուրդ է։ Եկած եմ անգամ մը եւս շեշտելու, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, սակայն համազգային մաշտապով, մեր ազգի բոլոր զաւակներուն մասնակցութեամբ եւ սուրիական պետութեան ու ժողովուրդին զօրակցութեամբ, մենք պիտի վերաշինենք Տէր Զօրի եկեղեցին իր համալիրով:
Տէր Զօրի այս համալիրը վերաշինել կը նշանակէ նոր շունչ, նոր թափ տալ մեր պահանջատիրական պայքարին: Մեր ժողովուրդը պահանջատէր է: Մեր մարդկային իրաւունքները տակաւին կը մնան բռնաբարուած: Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը Տէր Զօրի, Սուրիոյ, Լիբանանի մէջ եւ այլուր: Այսպէս պէտք է ըլլայ իրաւազրկուած ժողովուրդին կեանքը: Մեր կեանքը պայքարի, պահանջատիրութեան կեանք է: Հետեւաբար այսօր, այստեղ՝ Տէր Զօրի մէջ, մենք կը վերանորոգենք մեր հաւատքն ու կամքը՝ շարունակելու մեր պահանջատիրական պայքարը»:
Ապա Տէր Զօրի նահանգապետ Ֆատէլ Նաճճար շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, զոր համարեց հայութեան զօրակցութիւնը Տէր Զօրի, ապա նաեւ ողջ Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն։
Թեմի Ազգ․ Վարչութեան ատենապետ Սունպուլ Սունպուլեան ողջունեց Տէր Զօրի աշիրէթները, որոնք ցեղասպանութեան օրերուն տիրութիւն ըրին հայ ժողովուրդին, ապա ներկայացնելով յուշահամալիրին կառուցման նպատակը, անդրադարձաւ թրքական ուժերու կողմէ անոր քանդումին, շեշտելով, որ յիշողութիւնը կարելի չէ ջնջել։ Տէր Զօրի կրօնական կալուածներու տնօրէն Ապտուլ Հատի Մուհամէտ Սարեհ յայտնեց, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ ․ին եւ հայութեան հետ Սուրիոյ ժողովուրդը բարեկամական յարաբերութիւններ կը վայելէ, որովհետեւ անոնք հաւատարիմ բարեկամներ են։ Ապա շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկող նոյն ձեռքերը քանդեցին Սուրիան, անոր եկեղեցիներն ու մզկիթները, հետեւաբար երկու ժողովուրդները նոյն խրամատին մէջ կը պայքարին։
Պաշտօնական խօսքերու աւարտին դպրաց դասուն եւ միաբան հայրերուն երգեցողութեամբ հնչեցին «Ամէն հայի» եւ «Ի վեհ բարձանց Ս․ Սիոնի» հայրապետական մաղթերգները։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ»-ով փակեց ժողովրդային հաւաքը, որմէ ետք ներկաները միասնաբար «Կիլիկիա» մաղթերգը երգեցին։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը ժողովուրդին ցաւակցութիւնները ընդունեց եւ երիտասարդութեան հետ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ։