Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ
Կիրակի, 22 Մայիսին, յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) կիրակնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը։ Այս տարուան շրջանաւարտները՝ Ալեքս Գոճոյեան եւ Ռոպըրթ Սթիվընս, Աստուածաշունչէն հատուած մը ընտրեցին, որ յատուկ նշանակութիւն ունի իրենց համար, եւ անդրադարձան անոր կարեւորութեան իրենց առօրեային մէջ։
Ուսուցիչներ Սթէյսի Խաչատուրեան եւ Ճէյսըն Սիմոնեան շնորհաւորեցին շրջանաւարտներն ու իրենց ընտանիքները։ Տիկ. Խաչատուրեան շեշտեց քրիստոնէական արժէքները պահպանելու կարեւորութիւնը արագօրէն փոխուող այս աշխարհին մէջ, իսկ պրն. Սիմոնեան յորդորեց շրջանաւարտներուն, որ շարունակեն զարգացնել իրենց հաւատքը եւ միշտ գործօն ըլլան եկեղեցւոյ ընտանիքին մէջ։ Շրջանաւարտները Հայց. Եկեղեցւոյ անդամ մնալու իրենց խոստումը կատարեցին, որմէ ետք ձեռնարկը փակուեցաւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի օրհնութեան խօսքով։