Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՒԱԳԵԱՆ (մահ՝ 10 Յունիս, 1959)

Յովհաննէս Աւագեան աւելի քան չորս տասնամեակ մաս կազմած է Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափի, հիմնականին՝ Նիւ Եորքի, մշակութային կեանքին մէջ իբրեւ խմբագիր եւ գրական քննադատ։

Աւագեան ծնած է 12 Հոկտեմբեր, 1882ին, Ակնայ շրջանի Բինկեան գիւղին մէջ (Միսաք Մեծարենցի ծննդավայրը)։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն վարժարանին մէջ, եւ այնուհետեւ, 1897ին, Սեբաստիոյ զուիցերիական որբանոցը ղրկուած է, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1902ին։ Երկու տարի ուսուցչութիւն ըրած է նոյն հաստատութեան մէջ եւ 1904ին մտած՝ Մարզուանի «Անաթոլիա» գոլէճը, 1907ին աւարտելով պսակաւոր արուեստից տիտղոսով։

Երկու տարի Մարզուանի Աւետարանական վարժարանին մէջ տնօրէն-ուսուցիչի պաշտօն վարելէ ետք, 1909ին հրաւէրով մեկնած է Վանի Ամերիկեան վարժարանը, ուր հայ լեզու եւ գրականութիւն, ինչպէս նաեւ ուսողութիւն դասաւանդած է մինչեւ 1915ի տեղահանութեան տարին: Միաժամանակ, 1911-1912ին խմբագրած է «Վանտոսբ» հանդէսը, որ զուտ գաւառական գրականութեան նուիրուած էր։

1915-ի վերջերը, Աւագեան մեկնած է Ամերիկա։ Նիւ Եորքի մէջ ժամանակ մը գրասենեկային աշխատանք կատարելէ ետք, անցած է Պոսթըն, «Ազգ» օրաթերթի օգնական խմբագրի պաշտօնը վարելով 1917-1919ին։ 1916ին հրատարակած է «Գոհարներ հայ գրականութեան» ժողովածուն։

1919ին վերադարձած է Նիւ Եորք, մտնելով «Կոչնակ Հայաստանի», ապա «Հայաստանի Կոչնակ» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմին մէջ։ Բացի ազգային բաժինը խմբագրելէ, սկսած է գրական ու գեղարուեստական բնոյթի լուրջ քննադատական յօդուածներ հրատարակել հոն։ Անոնց մէկ մասը համախմբած է «Գրական դէմքեր» հատորին մէջ (1925)։ Հրատարակած է նաեւ «Նշանաւոր օփերաներ» (1927) երաժշտական հատորը, «Այսպէս ապրեցանք» յուշագրութիւնը (1930) եւ «Աւետիս Ահարոնեան» (1930) մենագրութիւնը։ Հայերէնի թարգմանած է զանազան գրական գործեր, որոնց շարքին՝ կոմս Ալեքսէյ Թոլսթոյի «Ցար Ֆէոտոր Իվանովիչ» թատերախաղը, որ լոյս տեսած է «Հայաստանի Կոչնակ»ի մէջ։

1944-1958ին Յովհաննէս Աւագեան եղած է «Հայաստանի Կոչնակ»ի գլխաւոր խմբագիրը։ Աշխատակցած է զանազան տարեգիրքերու, թերթերու եւ հանդէսներու։ Մահացած է 10 Յունիս, 1959ին, Նիւ Եորքի մէջ։