Առաջնորդարանէն

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս, շնորհաւորական նամակներ ղրկած էին Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի քահանայական ձեռնադրութեան 50ամեակին առթիւ։ Իր նամակին մէջ, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս մասնաւորապէս նշած է.

«Դուք եղաք դպիր, սարկաւագ, կուսակրօն քահանայ, վարդապետ, ծայրագոյն վարդապետ, եպիսկոպոս ու արքեպիսկոպոս։ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգերը ստացաք եւ Ձեր ծառայութեամբ եւ գործով փաստեցիք, որ արժանի էք այդ աստիճաններուն։ Այդ աստիճաններով չհպարտացաք երբեք, հանգամանքներն ու պաշտօնները ձեզ չշեղեցին Ձեր իսկական ու սրբազան առաքելութենէն։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին է, որ պայծառացաւ Ձեր նուիրումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն է, որ զօրացաւ Ձեզմով, եւ մեր ժողովուրդն է, որ հպարտացաւ իր ծոցէն ծնած հարազատ զաւակով»։

Իր կարգին, Թորգոմ Եպիսկոպոս, յիշելէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հօր «առաքելատիպ ներդրումները եւ իրագործած յաղթանակները», որոնք «պարծանք կը բերեն շնորհալիներու աստուածապարգեւ Կիլիկեան Աթոռին ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի՝ շարունակական 38 տարիներու ընդմէջէն Ձեր անձը նոյնացուցած Արեւելեան Թեմին», աւելցուց, թէ «այս բոլորին պերճախօս վկայութիւնը Ձեր վերընտրութիւնն է Առաջնորդական պատասխանատու այն պաշտօնին, որուն նուաճումը ի վաղուց անտի ընթացիկ պատիւ մը չէ՝ այլ ընթացիկ զոհողութիւն է՝ ի սէր մեր ազգի, ի պայծառութիւն Մայր Եկեղեցւոյ եւ ի փառս մեր ժողովրդեան»։