Առաջնորդարանէն

Ս. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ «ՀԱՒԱՏՈՎ ԽՈՍՏԱՎԱՆԻՄ»Ի ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի քահանայական ձեռնադրութեան 50ամեակի ներկաներուն բաշխուած յուշանուէրներու շարքին էր Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»ի երկլեզու՝ հայերէն (գրաբար-աշխարհաբար) եւ անգլերէն նորատիպ հրատարակութիւնը, որ կատարուած է Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ։ Այս վերատպումը տեղի ունեցած է շնորհիւ Տէր Գալուստեան եւ Հանթ ընտանիքներու հովանաւորութեան, որոնք հրատարակութիւնը նուիրած են Արեւելեան Թեմիս երախտաշատ հոգեւորականներէն՝ հոգելոյս Տ. Մուշեղ Ա. Քհն. Տէր Գալուստեանի յիշատակին։