ՊԱՔՈՒԻ ՋԱՐԴԱՐԱՐ ԽԱՆ ԽՈՅՍԿԻԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄԸ (19 Յունիս, 1920)
1918ի Մայիսեան հերոսամարտերուն պարտութեան մատնուելէ ետք, թրքական զօրքերու երկրորդ զօրախումբը Ջաջուռ-Համամլու-Ղարաքիլիսա-Դիլիջան-Ղազախ-Ելիզաւետպոլ (Գանձակ) գիծով արշաւած էր դէպի Պաքու:
Թրքական համագործակցութիւնը նորանկախ Ատրպէյճանի հանրապետութեան կառավարութեան (վարչապետ՝ Մ. Ֆաթալի Խան Խոյսկի) հետ աւելի ակնառու դարձաւ, երբ 27 Մայիս, 1918ին Կովկասեան թրքական բանակի գլխաւոր հրամանատար՝ զօրավար Նուրի փաշան, որ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուներէն Էնվէր փաշայի եղբայրն էր, Մուսուլէն կը ժամանէր Գանձակ, որ Ատրպէյճանի պետութեան ժամանակաւոր մայրաքաղաքն էր։
Ատրպէյճանի կառավարութեան ու Մուսաւաթ կուսակցութեան գործիչներու գաղտնի խորհրդակցութեան ժամանակ, մշակուած է Նուխիի, Արէշի, Շամախի եւ Պաքուի գաւառներու հայութեան կոտորածներու ծրագիրը: Կոտորածներէն առաջ, Նուխիի, Շամախի եւ Պաքուի քաղաքապետներուն ուղղուած Ատրպէյճանի հանրապետութեան Ներքին Գործոց նախարար Բէհբութ Խան Ջիւանշիրի գաղտնի հրամանը կը հրահանգէր. «Անհրաժեշտ է ոչնչացնել հայերը, անոնց դիակներու վրայէն անցնելով մեր նպատակներուն հասնելու համար: Մի՛ խնայէք ոչ ոքի եւ հաւատարմօրէն կատարեցէք ձեզի տրուած հրահանգները»։
Այդ ժամանակ Պաքուն կը գտնուէր Ստեփան Շահումեանի գլխաւորած բոլշեւիկներուն եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմի ղեկավարած հայկական ուժերուն իշխանութեան տակ։ Հակառակ հայերու հերոսական ինքնապաշտպանութեան, Սեպտեմբեր 1918ին, թրքական ուժերու աջակցութեամբ, Խան Խոյսկի մտած էր Պաքու եւ իրականացուցած՝ 15 հազար հայերու ջարդը: Պաքու դարձած էր Ատրպէյճանի նոր մայրաքաղաքը։ Խան Խոյսկի վարչապետի պաշտօնը վարած է մինչեւ հրաժարականը Մարտ 1919ին, երբ Ատրպէյճանի վարչապետ ընտրուած է Նասիբ Բէկ Ուսուբբեկով, իսկ Խան Խոյսկի դարձած է Արտաքին Գործոց նախարար։
Ատրպէյճանի անկախութիւնը տեւած է երկու տարիէն պակաս։ Ապրիլ 1920ի վերջերուն, Կարմիր Բանակի մուտքով, երկիրը դարձած է խորհրդային հանրապետութիւն։ Երկրի ղեկավարները ապաստանած են տարբեր քաղաքներ, որոնց շարքին՝ Թիֆլիս եւ Պոլիս։
Հոկտեմբեր 1919ին, Թիֆլիսի Երեւանեան (այսօր՝ Թաւիսուփլեբա կամ Ազատութեան) հրապարակին մէջ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան վրիժառուներէն 19ամեայ Արամ Երկանեանը (1900-1934, նկարին մէջ) սպաննած է Պաքուի ջարդերու պատասխանատուներէն Ատրպէյճանի ռազմական նախարար Ղասիմբէկովը, եւ ապա՝ գնդապետ Սարաֆովը։
1919ի աշնան Երեւանի մէջ կայացած Հ. Յ. Դաշնակցութեան 9րդ Ընդհանուր Ժողովը որոշած է պատժել Մեծ Եղեռնը իրականացնող ոճրագործները եւ Պաքուի հայերու ջարդարարները։
Պաքուի ջարդի գլխաւոր պատասխանատուն՝ Ատրպէյճանի առաջին վարչապետ Ֆաթալի Խան Խոյսկի, երեք անգամ մահափորձերէ ազատած էր։ 19 Յունիս, 1920ին, Թիֆլիսի կեդրոնական Գոլովինսկի փողոցին (այսօր՝ Ռուսթաւելի պողոտայ) վրայ անշուք արտաքինով բարապանին վրայ ոչ ոք ուշադրութիւն չէր դարձներ։ Ծուլութեամբ յօրանջող բարապանը յանկարծ կերպարանափոխուած է, երբ երեւցած է Խան Խոյսկին իր թիկնապահներով։ Արամ Երկանեանի կրակոցով, Խան Խոյսկի անշունչ փռուած է գետին։ Երկու կրակոց եւս բաւարար եղած են, որ թիկնապահները սպաննուին։ Թէեւ Երկանեան վիրաւորուած է, սակայն կարողացած է խուսափիլ հետապնդումէն ու մեկնիլ Պոլիս, ուր 1915ի հայանուն մատնիչները պիտի ահաբեկէր, իսկ աւելի ուշ՝ Պերլինի մէջ, Արշաւիր Շիրակեանի հետ, իրականացնէր Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուներ Պէհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի ահաբեկումը։