Ուրբաթ, 1 Յուլիսին, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն։
Մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող իրադարձութիւն մըն է Միւռոնօրհնէքը, որ տեղի կ՚ունենայ եօթը տարին անգամ մը։ Մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար առիթ է քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման, հոգեւոր կեանքի վերանորոգման եւ ազգային պատկանելիութեան ամրացման։
Դարաւոր աւանդութեան համաձայն, Միւռոնօրհնութեան առիթով մեր ժողովուրդի զաւակները ուխտ կ՚ընեն եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կը կատարեն, որպէս գործնական մասնակցութիւն Միւռոնօրհնէքի սրբազան խորհուրդին։