Featured, Առաջնորդարանէն

ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ՝ ՅՈՒԼԻՍ 1ԻՆ

Ուրբաթ, 1 Յուլիսին, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն։

Մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ու ազ­գի կեան­քին մէջ յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ­ներկա­յաց­նող իրադարձութիւն մըն է ­­Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քը, որ տեղի կ՚ունենայ եօթը տարին անգամ մը։ Մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն հա­մար ա­ռիթ է քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի ամրապնդման, հո­գե­ւոր կեան­քի վե­րա­նո­րոգ­ման եւ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թեան ամ­րաց­ման։

Դա­րա­ւոր ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, ­­Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ա­ռի­թով մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը ուխտ կ­­՚ը­նեն եւ սրտա­բուխ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն, որ­պէս գործ­նա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն ­­Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի սրբա­զան խոր­հուր­դին։