Հայ լեզուի անկիւնը

ՏԱՐԲԵՐ ՄԱՇՏՈՑ ՄԸ

Բոլորս ալ գիտենք, որ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց հայոց գիրերը գիւտը կատարած է եւ գաղափար ունինք, թէ ի՞նչ աշխատանք կատարած է, ի՞նչ ջանքեր թափած է հայ դպրութեան ստեղծումին համար։

«Մաշտոց» անունի իմաստին ու ծագումին մասին գիտնականները համաձայնութեան չեն եկած մինչեւ հիմա։ Ինչպէս յայտնի է, Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտ ու կենսագիր Կորիւնը զինք միշտ Մաշտոց կոչած է իր «Վարք Մաշտոցի»ին մէջ, իսկ Մեսրոպը աւելի ուշ աղբիւրներու մէջ երեւան եկած է։ Սակայն, «Մաշտոց» բառը ուրիշ նշանակութիւն ունի, քանի որ անունն է Հայց. Եկեղեցւոյ ծիսական գիրքին, որ կը պարունակէ խորհուրդներու եւ ծիսակատարութիւններու անհրաժեշտ կարգն ու աղօթքները։

Մաշտոցի երեք տեսակ կայ՝ Ձեռաց Մաշտոց, Մայր Մաշտոց եւ Հայր Մաշտոց։ Առաջինը քահանաներու կողմէ կը գործածուի, պարունակելով խորհուրդներու եւ այլ ծէսերու անհրաժեշտ նիւթերը, ինչպէս եւ տարբեր առիթներու աղօթքները (օրինակ՝ տնօրհնէքի, նոր գիրքի օրհնութեան, մատաղօրհնութեան, ջրհոր օրհնելու, եւ այլն)։ Մայր Մաշտոցը եպիսկոպոսներու յատուկ արարողութիւններու համար է (ձեռնադրութիւն, գաւազանի տուչութիւն, եկեղեցւոյ օծում, քահանայի թաղում), իսկ Հայր Մաշտոցը վերապահուած է կաթողիկոսներու օծման եւ միւռոնի օրհնութեան։

Յայտնի չէ, թէ ինչո՞ւ այս հաւաքածոն «Մաշտոց» անունը ստացած է։ Թէեւ կապուած է Մեսրոպ Մաշտոցին, աւելի հաւանական կը թուի Մաշտոց Ա. Եղվարդեցի Կաթողիկոսի (897-898) անունը, որ աղօթքներու եւ ծէսերու հաւաքածոյի մը կազմած էր, երբ տակաւին վանական էր Սեւանի անապատին մէջ։

Եթէ հետաքրքրուողներ կան, Մաշտոց մը ծախու է e-Bayի վրայ։ 1790ի տպագրութիւն մըն է, որ լոյս տեսած է Թրիէսթէի (Իտալիա) Մխիթարեան միաբանութեան տպարանին մէջ։ Յիշենք, որ այս ժամանակ արդէն տեղի ունեցած է միաբանութեան բաժանումը (1773) եւ բաժանեալ միաբանները հաստատուած էին Թրիէսթէ, հետագային (1811) Վիեննա իրենց կեդրոնը փոխադրելու համար։ Եզակի տպագրութիւն մըն է, եւ վաճառողը յայտնապէս տեղեակ չէ անոր բովանդակութեան մասին, քանի որ զայն նկարագրած է որպէս «հայերէն գիրք մը [Մեսրոպ] Մաշտոցի մասին» (“an Armenian book about [Mesrop] Mashtots”)։ Մեկնաբանութիւնները աւելորդ են։

Քանի որ կրօնական թիւրիմացութիւններու մասին է խօսքը, կ՚արժէ յիշել մեր կրօնական երաժշտութեան խտասալիկ մը, որ տարիներ առաջ հրապարակ իջած էր ու կը պարունակէր «Ուրախ լեր» շարականը։

Հրատարակիչը տուած էր նաեւ իւրաքանչիւր շարականի խորագրին թարգմանութիւնը։ Ըստ երեւոյթին, հայերէնի (գրաբարի) ծանօթութիւնը անբաւարար եղած էր անդրադառնալու, որ լեր բառը որեւէ կապ չունի լեռ բառին հետ։ Հետեւաբար, «Ուրախ լեր»ը թարգմանած էր… “Happy Mountain” («Ուրախ լեռ»)։

Ինչպէս գիտենք, կամ պէտք է գիտնանք, գրաբարեան «լինել» բայի հրամայական ձեւը՝ լերը, աշխարհաբարեան եղիրն է։ Ուրեմն՝ շարականի առաջին նախադասութիւնը՝ «Ուրախ լեր, սուրբ Եկեղեցի, քանզի Քրիստոս արքայն երկնից այսօր պսակեաց զքեզ խաչիւն իւրով», աշխարհաբարով պէտք է կարդալ՝ «Ուրախ եղիր, սուրբ Եկեղեցի, քանի որ Քրիստոս արքան այսօր երկինքէն քեզ պսակեց իր խաչով»։

Յուսանք, որ ընթերցողը չի փորձեր «Ուրախ լեր»ը վերածել «Ուրախ լեռ»ի, այլապէս..։