Կաթողիկոսարանէն

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

20-24 Յունիսին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ ժողովին 18րդ հանդիպումը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս ժողովին ներկայացուցին Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան եւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան (համաքարտուղար)։

Սոյն ժողովին ընթացքի վերջնական ձեւի յանգեցաւ եօթը խորհուրդներուն գծով ժողովականներուն մօտեցումները խտացնող եւ աշխատանքին մասին զեկուցող միացեալ յայտարարութիւնը, որ ստորագրուեցաւ համա-ատենապետներուն կողմէ:

Եօթը խորհուրդներու եզրակացութեան յաջորդեց նախօրոք որոշուած Մարեմաբանութեան նիւթի քննարկումը, որ պիտի շարունակուի յաջորդ հանդիպման ընթացքին։

Ժողովականները առիթ ունեցան Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպելու եւ ժողովի աշխատանքներուն անդրադառնալու եւ յառաջիկայ աշխատանքային ծրագիրներուն մասին տեղեակ պահելու։

Ժողովի վերջին նիստին որոշուեցաւ յառաջիկայ տարուան հանդիպման թուականը, ներկայացուելիք ուսումնասիրութիւններու նիւթերը, ինչպէս նաեւ ժողովի վայրը՝ Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարքութեան կեդրոնը, Գահիրէ, Եգիպտոս։

Մասնակցութիւն՝  Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան Ժողովին

15-18 Յունիսին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը գումարեց իր ընդհանուր ժողովը Ժընեւի մէջ։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ժողովին մասնակցեցան Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան եւ Զուիցերիոյ մէջ միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան։

Համավարակէն ի վեր, առաջին անգամն է, որ Կեդրոնական Վարչութիւնը անձամբ ժողով կը գումարէ։ Ժողովի ընթացքին, Վարչութիւնը քննարկեց յառաջիկայ Սեպտեմբերին Գերմանիոյ Քարլզրու քաղաքին մէջ Ե.Հ.Խ.-ի համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները։ Համաժողովին թեման պիտի ըլլայ «Քրիստոսի սէրը կը մղէ աշխարհը հաշտութեան եւ միասնութեան»։ Ժողովին ատենապետ դոկտ. Ագնէս Ապաումի խօսքերով, համաժողովը իր թեման պիտի գործադրէ անոր հետ առնչուած նիստերով, համատեղ աղօթքներով, Ս. Գիրքի սերտողութեամբ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելով ժամանակակից ամէնէն բուռն հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն, որոնք բոլոր եկեղեցիներէն կը պահանջեն յստակ պատասխաններ։ Ան նաեւ ըսաւ, թէ համաժողովը տարածք մըն է, ուր անդամ եկեղեցիները պիտի ծրագրեն Ե.Հ.Խ.-ի ապագան։

Կեդրոնական Վարչութեան նիստերուն Վարչութիւնը ընտրեց նաեւ իր նոր 8-րդ ընդհանուր քարտուղարը յանձին պատուելի դոկտ. Ճերի Փիլէյի։