Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԼՍԱՐԱՆԸ ՍԿՍԱՒ

Կիրակի, 26 Յունիս, Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանին բացումը տեղի ունեցաւ St. Mary of Providence կեդրոնին մէջ (Էլվըրսըն, Փէնսիլվէնիա)։ Վերջին երկու տարիներուն, դասընթացքը առցանց ներկայացուած էր՝ պսակաձեւ ժահրի համավարակին պատճառով։ Այս տարի, տասը ծուխերէ 35 աշակերտներ կը մասնակցին, իսկ անձնակազմը կը բաղկանայ 14 եկեղեցական եւ աշխարհական անդամներէ։ Լսարանը կրօնական եզակի յայտագիր մը կը ներկայացնէ՝ եռակի ուղղութեամբ, որ կ՚ընդգրկէ քրիստոնէական հաւատքի ուսմունք, առօրեայ պաշտամունքի եւ աղօթքի արարողութիւններ, եւ ընկերային ու մարզական յայտագիրներ։ Լսարանի տնօրէնն է Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։ Կիրակի, 3 Յուլիսին, «Տաթեւ»ը իր աւարտին կը հասնի Ս. Պատարագով՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա)։