Առաջնորդարանէն

ԱՐԺՊ. Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ՔՀՆ. ՏԷՐ ԽՈՍՐՈՎԵԱՆ՝ ՀՄԸՄ-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Անցնող շաբաթավերջին, Արեւելեան ԱՄՆի ՀՄԸՄի 30րդ Նաւասարդեան Խաղերը տեղի ունեցան Պոսթընի մէջ, տեղւոյն մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ։ 2020ի եւ 2021ի խաղերը յետաձգուած էին համավարակին պատճառով։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր անունով, Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, խաղերուն ներկայ գտնուեցաւ եւ բացման խօսքն ու աղօթքը կատարեց Շաբաթ, 2 Յուլիսի առաւօտեան։

Նոյն օրը, երեկոյեան, խաղերու ճաշկերոյթ-պարահանդէսին ընթացքին, Տէր Միքայէլ իր շնորհաւորական խօսքը բերաւ եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը կարդաց։