Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՄԱՔՍ ՄԱՔՍՈՒՏԵԱՆ (մահ՝ 20 Յուլիս, 1976)

 

20րդ դարու առաջին կէսի ֆրանսական մշակոյթին մէջ, Մաքս Մաքսուտեանը հայկական ամենէն ծանօթ անուններէն մէկն էր իբրեւ թատրոնի ու շարժապատկերի դերասան։

Մաքս Յակոբ Մաքսուտեան ծնած է Զմիւռնիա (Իզմիր), 12 Յունիս, 1881ին։ Տասներկու տարեկանին, Ֆրանսա փոխադրուած է ծնողներուն հետ։ 1904ին շրջանաւարտ եղած Փարիզի երաժշտանոցի թատերական բաժնէն, ուր առաջին մրցանակը ստացած է Թրիպուլէի մենախօսութեան համար («Արքան կը զբօսնու», Վիքթոր Հիւկօ)։ Անոր արուեստը բնորոշուած է ողբերգական խաղի ոճով, ներքին մեծ թափով, յստակ առոգանութեամբ, շարժուձեւի ներդաշնակցութեամբ եւ անկեղծ կատարումով։ Խաղացած է նշանաւոր դերասանուհի Սառա Պեռնարի հետ, շրջապտոյտ կատարելով Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ (1911)։ Շարունակած է թատերական գործունէութիւնը մինչեւ 1930ական թուականներու վերջերը։

Մաքսուտեանը հետեւած է Պեռնարին, երբ վերջինս որոշած է մտնել շարժապատկերի աշխարհին մէջ, եւ միասին խաղացած են «Էլիզապէթ թագուհիի սէրերը» (1912) եւ «Ատրիէն Լըքուվրէօր» (1913) շարժանկարներուն մէջ, որոնք սկիզբը դրած են հայ դերասանի երկարամեայ գործունէութեան, ընդգրկելով գրեթէ չորս տասնամեակ եւ 77 ժապաւէն։  Յատկապէս յիշատակելի էր իր դերը նշանաւոր բեմադրիչ Ապէլ Կանսի պատմական յայտնի շարժանկարին՝ «Նափոլէոն»ի մէջ (1927)։ Վերջին ժապաւէնը եղած է «Գիշերային շրջան» (1949)։ Հանգստեան կոչուած է 1950ին։

Թատերական ու շարժապատկերային գործունէութեան ընթացքին, Մաքսուտեան իր կապը պահած է ֆրանսահայ համայնքին հետ, մասնակցելով անոր մշակութային ձեռնարկներուն։ Մահացած է 20 Յուլիս, 1976ին, 95 տարեկանին, Փարիզի արուարձաններէն Պուլոն-Պիյանքուրի մէջ։