Տօներ

ՅԻՇԱՏԱԿ ՀԻՆ ՏԱՊԱՆԱԿԻՆ ԵՒ ՏՕՆ ՆՈՐ ՏԱՊԱՆԱԿԻՆ՝ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Շաբաթ, 15 Յուլիսին, Հին Տապանակի յիշատակն է ու Նոր Տապանակի՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնը։ Այս զուգորդուած տօները տեղի կ՚ունենան Այլակերպութեան Տօնին նախորդող Շաբաթ օրը։ Հինն ու նորը միատեղ տօնելը կը հաստատէ Եկեղեցւոյ շարունակականութիւնը։ Աստուած աստիճանաբար յայտնուեցաւ մարդ արարածին Ադամի, Նոյի, Աբրահամի, Մովսէսի եւ մարգարէներուն միջոցաւ։ Եկեղեցին գոյութիւն ունէր սկիզբէն, եւ ահա այդ պատճառով է, որ Հին Կտակարանը ընդունուած է իբրեւ Աստուածաշունչին մէկ մասը եւ ճանչցուած իբրեւ Նոր Կտակարանը առաջնորդող նախաբան։ Այս օրուան նուիրուած շարականը կը հռչակէ.

«Որ ի սկզբանէ իմաստութեամբ հաստատեցեր զեկեղեցի հօր իմաստութիւն․ զոր նախանկար տեսութեամբ նշանակեալ Մովսէս խորանաւն երկնահանգոյն ի Սինա լերինն, լուսաւորելով փառօքն Աստուծոյ» 

(Իմաստութիւն Հօր, դուն սկիզբէն իմաստութեամբ հաստատեցիր եկեղեցին, զոր Մովսէս նախանկար տեսութեամբ նշանակեց երկնանման տապանակով Սինա լերան վրայ, լուսաւորելով Աստուծոյ փառքով)։