Մեր ծուխերէն

ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ԳՐԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐԸ

18-23 Յուլիսին, տեղի կ՚ունենայ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) ամառնային Ս. Գրային ճամբարը։ Շուրջ 60 մանուկներ՝ 4էն մինչեւ 12 տարեկան, խանդավառօրէն կը մասնակցին ճամբարին, Ս. Գիրքի իրենց գիտելիքները ճոխացնելով զբօսապտոյտներով, արուեստի ու արհեստի նմոյշներով, խաղերով, երգերով ու ամէնօրեայ աղօթքով։