Առաջնորդարանէն

ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆԻ ՀԱՄԱՀԵՂԻՆԱԿԱԾ ՆՈՐ ՀԱՏՈՐԸ՝ “A WOMAN OF THE WORLD”

Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, վերջերս լոյս ընծայած է անգլերէն նոր հատոր մը՝ դոկտ. Արծուի Բախչինեանի (Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող) համահեղինակութեամբ։  «Աշխարհի կինը. Արմէն Օհանեան՝ «շամախեցի պարուհին» (A Woman of the World: Armen Ohanian, the ‘Dancer of Shamakha’”) հատորը 16րդ հրատարակութիւնն է Ֆրէզնոյի Գալիֆոռնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչատան հայկական մատենաշարին (գլխաւոր խմբագիր՝ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան)։

Գիրքը կը ներկայացնէ արտասովոր հայուհիի մը՝ պարուհի եւ գրագէտ Արմէն Օհանեանի (Սոֆիա Փիրբուդաղեան, 1888–1976) հետաքրքրաշարժ կենսագրութիւնը: Շամախի (այժմ՝ Ատրպէյճան) ծնած այս կինը, որ հայերէնի կողքին, ծանօթ էր ռուսերէն, ֆրանսերէն, պարսկերէն, սպաներէն եւ անգլերէն լեզուներուն, իսկական «աշխարհի կին» մըն էր, որ ապրած է տարբեր ժամանակներու եւ վայրերու մէջ՝ ռուսական Կովկասը, Իրանի սահմանադրական յեղափոխութիւնը, Ֆրանսայի «հիանալի դարաշրջանը» (La Belle Époque), Միացեալ Նահանգներու «աղմկալից 20ականները» (The Roaring Twenties), Խորհրդային Միութեան սկզբնական շրջանը, եւ իր օրերը աւարտած է Մեքսիքոյի մէջ, առեղծուածներով լի կեանք մը ապրելէ ետք։

Օհանեան հայ թատրոնի դերասանուհի եղած է Կովկաս, թատրոնի բեմադրիչ՝ Պարսկաստանի, արձակագիր` Ֆրանսա, եւ գրականագէտ ու թարգմանիչ՝ Մեքսիքօ: Յատկապէս հռչակուած է իբրեւ պարուհի՝ «շամախեցի պարուհի» եւ «պարսիկ պարուհի» անուններով։ Ելոյթ ունեցած է Ասիա, Ափրիկէ, Եւրոպա եւ Ամերիկա։ Անոր գործը մաս կազմած է Արեւմուտքի մէջ տարածուող Մերձաւոր եւ Հեռաւոր Արեւելքի պարերու ալիքի մը, որոնց մեկնաբանները իրենց բնիկ մշակոյթէն սնած պարարուեստ կը ներկայացնէին։ Նշանաւոր նկարիչներ եւ քանդակագործներ պատկերացուցած են Արմէն Օհանեանը, որուն մասին վկայած են շատ յայտնի ժամանակակիցներ իրենց նամակներուն եւ յուշերուն մէջ։

Վ. Մատթէոսեանի եւ Ա. Բախչինեանի համատեղ այս աշխատութիւնը արդիւնքն է երկու տասնամեակներու վրայ երկարած հետազօտութեան, որուն առաջին փուլը եղած էր հայերէն հատոր մը (2007), այժմ՝ սպառած։ Ներկայ հրատարակութիւնը զայն կը կրկնապատկէ իր ծաւալով եւ բովանդակած տեղեկութիւններով։ Օգտագործելով արխիւային եւ տպագիր բազմալեզու եւ բազմազան աղբիւներու հսկայական քանակ մը, հեղինակները նոր էջեր կը բանան արեւելեան բեմական պարի, մշակութային եւ սեռատեսակային (gender) հարցերու, սփիւռքագիտութեան եւ այլ նիւթերու մասնագէտներուն, ինչպէս եւ հետաքրքրասէր ընթերցողին առջեւ։

Հատորը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն (https://armenianprelacy.org/product/a-woman-of-the-world-armen-ohanian-the-dancer-of-shamakha-softcover/