Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ. «ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՒԵԼԻ ՀԶՕՐ ԴՈՒՐՍ ԵԼԱԾ Է ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԷՆ»

ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԵՆՔ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ըսաւ, թէ Հայ Եկեղեցին աւելի հզօր դուրս ելած է համավարակէն, նկատի ունենալով հետզհետէ եկեղեցի յաճախողներուն ու ծուխերու մէջ գործունէութեան բազմացումը, որոնք մեր համայնքներու վերանորոգ կենսունակութեան փաստերն են։ Այս առիթով, ան յայտնեց, թէ հարցախոյզ մը պիտի կատարուի համայնքին մէջ։

«Համավարակի մարտահրաւէրները դիմագրաւած ու յաղթահարած ենք», շարունակեց իր խօսքը Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, աւելցնելով. «Ինչպէս ըսած եմ ասկէ առաջ, մենք նոյնիսկ ընդարձակած ենք մեր հորիզոնները, շնորհիւ արհեստագիտութեան նոր միջոցներուն եւ Եկեղեցւոյ կարողութեան՝ աննախընթաց իրավիճակի մը հակազդելու, շահելով նոր հաւատացեալներ, որոնք ամբողջ աշխարհի մէջ կը հետեւին Ս. Պատարագին եւ մեր յայտագիրներուն՝ ուղիղ հեռասփռումի միջոցով»։

Ամիսներ առաջ, ամերիկեան Pew Research Centerի հեղինակաւոր կազմակերպութեան հարցախոյզի մը ընթացքին, եկեղեցական արարողութիւններու յաճախող ԱՄՆի չափահասներու մէջ, 43 առ հարիւրը կը տեղեկացնէ, որ իրենց պաշտամունքի վայրը ներկայիս բաց է եւ համավարակը կանխող շրջանի ձեւով կը գործէ, ինչ որ 14 առ հարիւր աւելի էր, քան Հոկտեմբեր 2021ին, եւ 31 առ հարիւր աւելի, քան Մարտ 2021ին։

«Crossroads»ի ընթերցողներէն կը խնդրենք, որ մասնակցին այս հարցախոյցին, որպէսզի լիովին արժեւորենք համավարակի օրերուն համայնքային կեանքը, որուն դժուարութիւնները աւելի բարդացան Հայաստանի պատերազմով եւ Լիբանանի ընկերա-տնտեսական աղէտալի տագնապով։ Հարցախոյցը անանուն է եւ արդիւնքները հետագային պիտի հրապարակենք «Crossroads»ի մէջ։

Մեր ծխականները, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մարտահրաւէներուն հիանալիօրէն պատասխանեցին դժուարին օրերուն, իրենց ձեռքը երկարելով կարիքաւոր մեր եղբայրներուն՝ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ։

«Չափազանց հպարտ եմ մեր ժողովուրդով, որ անգամ եւս ցոյց տուաւ իր խառնուածքը փորձութեան պահուն», ըսաւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ «Բայց եւ այնպէս, մեր հաւատացեալներուն կը շարունակեմ յորդորել Աղօթք, Համբերութիւն եւ Զգուշութիւն, քանի որ պէտք է զգաստ մնանք նորանոր վտանգներու առջեւ»։