Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՒԵՏ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 29 Յուլիս, 1929)

Աւետ Տէրտէրեան խորհրդահայ երաժշտութեան ամենէն ծանօթ անուններէն մէկը եղած չէ, բայց անոր համանուագները անկիւնադարձային պահ մը ստեղծած են մեր երաժշտութեան մէջ։

Աւետ Տէրտէրեան (բուն անունով՝ Ալֆրէդ) ծնած է 29 Յուլիս, 1929ին, Պաքուի մէջ։ Ծնողները արհեստավարժ երաժիշտներ չէին, բայց հայրը օփերա երգած է, իսկ մայրը մասնակցած է համերգներու։ Եղբայրը՝ Հերման, ծանօթ օփերայի նուագավար էր։ Ապագայ երաժիշտը ուսանած է Պաքուի երաժշտական ուսումնարանին մէջ (1948-1951)։ Տարի մը Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանը ուսանելէ ետք, յօրինումի դասերու հետեւած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ։ Ուսանողական տարիներուն, ձայնային եւ գործիքային գործեր յօրինած է՝ մեծաւ մասամբ։

Ա. Տէրտէրեան Հայաստանի Երգահաններու Միութեան քարտուղար (1960-1963) եւ փոխնախագահ (1963-1965) եղած է։ Աւելի ուշ, մշակոյթի նախարարութեան երաժշտութեան բաժինը վարած է (1970-1974) եւ 1985ին սկսած է դասաւանդել Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին մէջ։ Մահացած է 11 Դեկտեմբեր, 1994ին, Եկատերինպուրկի մէջ (Ռուսաստան), ուր գացած էր մասնակցելու տարեկան փառատօնին, որ իր անունը կը կրէ։ Թաղուած է Երեւանի մէջ, ուր երաժշտական դպրոց մը իր անունով կոչուած է։ Որդին՝ Ռուբէն Տէրտէրեան (1959-2020), նոյնպէս երաժշտագէտ էր։

Ա. Տէրտէրեան յօրինած է ութ համանուագներ՝ 1969-1989 ժամանակաշրջանին։ 9րդ համանուագը (1994) անաւարտ մնացած է։ Գլխաւորաբար ծանօթ է իր համանուագներով, որոնց նորարարութիւնը եւ հայ եկեղեցական երաժշտութեան ինքնատիպ գործածութիւնը ո՛չ միայն հայկական, այլ նաեւ խորհրդային եւ համաշխարհային երաժշտութեան մէջ նոր էջ մը բացած է։ Կարգ մը համանուագներու մէջ, Տէրտէրեան նոյնիսկ օգտագործած է հայ աւանդական նուագարաններ (դուդուկ, զուռնա, թառ եւ այլն)։

Հեղինակած է նաեւ երկու օփերաներ («Կրակէ օղակում», 1967 եւ «Երկրաշարժ», 1984), «Ռիչըրտ Գ.ի մենախօսութիւններ» բեմապարը (1984), սենեկային գործեր, երգի ու երաժշտական գործիքներու համար գործեր, եւ այլն։ Գրած է Ֆրունզէ Դովլաթեանի «Երեւանեան օրերի խրոնիկա» շարժանկարի (1973) երաժշտութիւնը, իսկ երաժշտական բազմաթիւ գործեր օգտագործուած են զանազան ռուսական եւ հայկական ժապաւէններու մէջ՝ կեանքի վերջին տարիներուն եւ յետմահու։