Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՅՈՒԼԻՍ, Բ. ԿԻՐԱԿԻ ԱՅԼԱԿԵՐՊՄԱՆ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 3:16-4:1

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 18:10-14

Զգո՜յշ, մի՛ արհամարհէք այս փոքրիկներէն մէկը. գիտցէք, որ անոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն իմ երկնաւոր Հայրս: Որովհետեւ Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու համար:

Ի՞նչ կը կարծէք. եթէ մարդ մը իր հարիւր ոչխարներէն մէկը կորսնցնէ, չի՞ ձգեր ինըսունինը ոչխարները լեռան վրայ եւ չ’ե՞րթար փնտռելու կորսուած ոչխարը: Եւ եթէ պատահի որ գտնէ, վստահ եղէք որ աւելի՛ կ’ուրախանայ այդ ոչխարին համար, քան թէ ինըսունինը ոչխարներուն համար, որոնք կորսուած չեն: Նմանապէս ալ Հայրս, որ երկինքի մէջ է, չ’ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի:

 

Ա. ՆԱՄԱԿ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 1:22-2:5

Եւ թէպէտ Հրեաներ հրաշք կ’ուզեն, իսկ Յոյներ իմաստութիւն կը փնտռեն, մենք խաչուած Քրիստոսը կը քարոզենք, որ գայթակղութիւն է Հրեաներուն համար եւ յիմարութիւն՝ հե­թանոսներուն համար, թէպէտ նոյն այդ Հրեաներէն ու Յոյներէն կանչուած­ներուն եւ դարձի եկածներուն համար՝ անիկա Քրիստոսն է, Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը: Արդարեւ, Աստուծոյ տնօրինու­թիւնը, որ Յոյներ յիմարութիւն կ’որակեն, իմաստնագոյն է քան մարդկային ոեւէ իմաստութիւն. եւ Աստուծոյ խաչը, որ Հրեաներ տկարութիւն կը համարեն, աւելի զօրեղ է քան մարդկային ամէն զօրութիւն:

Եղբայրնե՛ր, դուք ձեզմէ դատեցէք. ի՛նչ էիք երբ Աստուած ձեզ կանչեց: Ձեզմէ քանի՞ն իմաստուն, հզօր կամ ազնուատոհմ էին մարդկային չափանիշներով: Բայց Աստուած ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը յիմար կը սեպէ, անով իմաստունները ամօթով ձգելու համար. ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը տկար կը համարէ, անով հզօրները ամչցնելու համար. եւ ընտրեց այն՝ ինչ որ այս աշխարհը անարժէք, արհամարհելի եւ ոչնչութիւն կը նկատէ, անով ոչնչացնելու համար այս աշխարհի մեծութիւնները: Եւ ասիկա՝ որպէսզի ոեւէ մարդ չպարծենայ Աստուծոյ առջեւ, որովհետեւ Աստուած ի՛նքն էր որ ձեզ բերաւ Քրիստոսի միացուց, եւ մենք Քրիստոսով ճանչցանք Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ գտանք մեր արդարութիւնը, սրբու­թիւնը եւ փրկութիւնը, որպէսզի, ինչպէս մարգարէութեան մէջ գրուած է. «Ով որ կը պարծենայ՝ թող Տիրոջմով պարծենայ»:

Ես ալ, եղբայրնե՛ր, երբ ձեզի եկայ՝ իմաստասիրական մեծ-մեծ խօսքերով չէր որ ձեզի պատմեցի Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրին մասին, որովհետեւ միակ նպատակ դրած էի՝ ձեզի ճանչցնել Յիսուսը՝ Քրիստոսը, այսինքն նոյնինքն խաչուած Փրկիչը: Եւ ձեր քով եկած ատենս ալ տկար էի, սաստիկ վախ ու դողի մէջ, եւ իմաստութեան ճարտար խօսքերով չէր որ խօսեցայ կամ քարոզեցի, այլ՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ եւ ներգործու­թեամբ, որպէսզի ձեր հաւատքը հիմնուի Աստուծոյ զօրութեան վրայ, եւ ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան: