Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ՄԱՐԴԱՑԵԱԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԱՂԱՒԱՐԸ ԸԼԼԱՆՔ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 24 Յուլիս)

Այսօր Հայ Եկեղեցին կը տօնախմբէ երրորդ տաղաւարը, մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Այլակերպութեան-Պայծառակերպման տօնը, ծանօթ նաեւ Վարդավառ անունով։

Այս առթիւ կ՛ուզեմ բաժնել հետեւեալ մտածումները, մեկնելով օրուան ընթերցումին  մէջ նկարագրուած դէպքէն (Մտ 16:13 – 17:13.), որ ըստ աւանդութեան տեղի ունեցած է Թափօր լերան վրայ։

ա․ Յովհաննէս Առաքեալ  Կանայի հարսանիքին Քրիստոսի կատարած անդրանիկ  հրաշքին առթիւ կ՛ըսէ. «Յիսուս Իր աստուածային փառքը յայտնեց» (Յհ 2.11)։ Սակայն, այն փառքը որ Պետրոս, Յակովբոս եւ Յովհաննէս Առաքեալները տեսան Քրիստոսի այլակերպումով, կ՛անդրանցնի իրենց կեանքի ականատես եղած  բոլոր Նշաններն ու հրաշքները։

բ․ Կեանքի մեծագոյն խորհուրդին մաս կը կազմեն այն պատահարները, որոնք կ՛ակնկալուին տեղի ունենալ այսպէս կոչուած մահէն ետք, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մեր գոյութեան շարունակութիւնը անջատ մարմնէն։ Ահա այս խորհուրդը քօղազերծուած էր եւ առաքեալները իրենց աչքերով կը տեսնէին յաւիտենականին մէջ վերապահուած վայելքը՝ Քրիստոս Աստուծոյ փառքը։

գ․ Մովսէսի եւ Եղիայի՝ Հին Կտակարանի զոյգ մարգարէներուն երեւումը Քրիստոսի կողքին, կը փարատէ բոլոր կասկածներն ու անորոշութիւնները երկնքի արքայութեան մէջ իւրաքանչիւր անձի անհատականութեան պահպանման մասին։  Վերջին շրջաններուն, Կրօնի եւ Գիտութեան միջեւ հասարակաց յայտարար ստեղծելու առաջադրութեամբ, հոգին համազօր կը նկատուի կենսուժի (energy)։ Անկասկած, հոգին կենսուժ  ունի, սակայն համանման չէ գիտական հասկացողութեան կենսուժին։ Հոգին փառաւորեալ մարմնի յատկանիշերով օժտուած է, ինչպէս կը նկարագրէ Պօղոս Առաքեալ (Փիլ 3.20-21)։

դ․ Մատթէոս Աւետարանիչի հաստատումը, թէ զոյգ մարգարէները կը խօսակցէին Քրիստոսի հետ, տոկուն հիմք կու տայ եզրակացնելու, որ հոգիները կենդանի յարաբերութեան մէջ են խօսակցութեամբ, որ արդիւնք է բանականութեան։ Այս եւս կ՛երաշխաւորէ հոգիներու փոխյարաբերութիւնը։

ե․ Պետրոս Առաքեալի ընդոստ արտայայտութիւնը, թէ «Տէ՛ր, ինչ լաւ է որ հոս մնանք եւ երեք տաղաւարներ՝ վրաններ շինենք, մէկը Քեզի, մէկը Մովսէսի եւ միւսը Եղիայի համար», թէկուզ մանկական հնչէ,  բայց եւ այնպէս շատ բնական է եւ կը ցոլացնէ մարդկային հարազատագոյն զգացումը, երբ մէկը դէմ յանդիման գտնուի գերբնական վիճակի մը։

Բայց  նախ քննենք տաղաւար բառի իւրայայտկութիւնը։ Այս բառը մեծ նշանակութիւն ունի Հին Կտակարանի բարեպաշտական կեանքին մէջ։ Ասիկա ակնարկութիւն է շարժական սրբարանին (իմա՛ եկեղեցի-ժողովարան), որ Մովսէսի հրահանգով շինուած էր, որպէսզի եբրայեցիները Աստուծոյ ներկայութեան գտնուէին, մինչեւ որ Սողոմոնի տաճարը շինուէր Աւետեաց Երկրին մէջ։ Տապանակ Ուխտին Տաղաւարին մէջ զետեղուած էր, եւ նոյնիսկ Տաճարի շինութենէն ետք, Տաղաւարներու տօնը հաստատուած էր, որպէսզի եբրայեցիք միշտ յիշէին գերութենէ իրենց ազատագրութեան Նախախնամութեան բարիքները։ Զաքարիա մարգարէ կը յիշեցնէ իր ժողովուրդին, թէ Տաղաւարահարաց տօնը մոռնալու պարագային, Աստուած պիտի դադրեցնէ անձրեւ տեղացնել (Զաք 14.16-19)։ Ահա այս նպատակով է, որ Այլակերպման տօնի աւարտին ջուրով կը սրսկենք զմեզ, երախտապարտ ըլլալով Աստուծոյ պարգեւ՝ անձրեւին համար։ Սուրբ Գրային այս հոյակապ աւանդութեան կը միանայ նաեւ նախաքրիստոնէական շրջանի հայկական Վարդավառի տօնի առթիւ ջրաթափութեան գեղեցիկ սովորութիւնը։

Պետրոս Առաքեալի ինքնաբուխ բացագանչութիւնը՝ «Տէ՛ր, ինչ լաւ է որ հոս մնանք», իրաւ  որ կ՛արտայայտէ մարդկային ամենէն հարազաը զգացումը, երբ դէմ յանդիման գտնուինք բացառիկ գեղեցկութեան կամ ուրախութեան։ Արդարեւ, մեր մանուկներէն իսկ կը սորվինք այս իւրայատուկ փորձառութիւնը, երբ անոնք շրջապատուած ըլլան սիրելի ընկերներով ու հաճելի մթնոլորտի մէջ ըլլան, թախանձանքով կը խնդրեն իրենց ծնողքէն ու կ՛ըսեն՝ հա՛յր, մա՛յր աւելի երկար մնանք հոս։

Արդարեւ, անզուգական առանձնաշնորհում է Աստուծոյ ներկայութեան վայելքին արժանի ըլլալ, երբ մեր ամբողջ էութիւնը կը պարուրուի գերագոյն խաղաղութեամբ, հանգստութեամբ եւ երջանկութեամբ։ Ուստի, մեր սրտերը տաղաւար դարձնենք Ամենասուրբ Երրորդութեան, որպէսզի յաւերժօրէն վայելենք երկնային երանութիւնը եւ գոհութեամբ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։