Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 29 Յուլիսին, Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն եւ գործադիր գլխաւոր պաշտօնատարի՝ պրն. Զաւէն Խանճեանի այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։ Անոր կ՚ընկերանային Պատ. Հայկ Խրլոբեան եւ Պատ. Ճոզէֆ Կարապետեան։ Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Կաթողիկոսարանի Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Շէռնէզեանը, որ հիւրաբար կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Խօսակցութեան ընթացքին, քննարկուեցաւ համավարակէն ետք փորձառութիւնը տարբեր եկեղեցիներու մէջ։