Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ «ՇՈՒՇԱՆԻԿ» ՃԱՄԲԱՐԸ

Չորեքշաբթի, 3 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց «Շուշանիկ» ճամբարը, որ Օգոստոս 1-5ին տեղի կ՚ունենայ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի), 65 մասնակիցներով։ Ճամբարի գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէ կրօնական դաստիարակութիւն, արուեստ ու ձեռագործ, պարի դասեր եւ ջրային խաղեր։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օրհնեց մասնակիցները եւ անոնց հետ լուսանկարուեցաւ, գնահատելով ընկերային եւ դաստիարակչական այս ձեռնարկին կազմակերպումը եւ 18 հոգինոց կամաւոր անձնակազմին յանձնառութիւնը։