Առաջնորդարանէն

ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔԸ՝ ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԻՄՔԵՐԸ ԱՄՐԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ազգային Առաջնորդարանի եւ ծուխերու հաւաքական ճիգերով, կ՚աշխատինք վերանորոգ ուժերով մեր ապագայի հիմքերը զօրացնելու ուղղութեամբ, ինչ որ այս շրջանի ոգին կը խորհրդանշէ։ Ազգային Տուրքը կ՚օգնէ մեզի, որ շարունակենք մեր հետեւողական աշխատանքը՝ Արեւելեան Թեմի իւրաքանչիւր ծխականի ի նպաստ։

Իր ուղերձին մէջ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, կը գրէ.

«Ազգային Առաջնորդարանի աճելու եւ նորոգուելու նպատակները կը պահանջեն աստուածային ներշնչումի վրայ խարսխուած մարդկային տեսիլք։ Այս տեսիլքը իրագործելու ընթացքին, անհրաժեշտ է յաղթահարել վերջին երկու տարիներու համավարակի, պատերազմի եւ իրարանցումի ստեղծած մարտահրաւէրները եւ աստիճանաբար դարմանել անոնց պատճառած վնասները։

Այս առաջադրանքով, լիովին կ՚որդեգրեմ մեր վերջին Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի նշանախօսքը՝ «Ամրացնել ապագայի հիմքերը»։ Ինչպէս ժողովին յայտնեցի, ասիկա կը մեկնի վերջին 65ամեակին Թեմիս մէջ գործադրուած ծրագիրներուն առարկայական գնահատումէն, որով յաջողած ենք պահպանել եւ զօրացնել մեր հայկական ու քրիստոնէական ինքնութիւնը, միաժամանակ քաղելով Նոր Աշխարհի ձուլարանէն լաւագոյն տարրերը»։