Առաջնորդարանէն

ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ

Կիրակի, 7 Օգոստոսին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) համայնքը ուրախութեամբ դիմաւորեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Ս. Պատարագին եւ քարոզեց, իսկ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, մատուցեց Ս. Պատարագը։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը կատարեց Ջրօրհնէքը՝ նորոգ օրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնով։

Յետմիջօրէին, տօնական մթնոլորտը շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէսին, ուր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց խաղողի եւ մատաղի օրհնութեան։ Հակառակ տօթակէզ եղանակին, հոծ բազմութիւն ներկայ էր օրուան տօնախմբութեան։ Համադամ ճաշեր ու անուշեղէններ հրամցուեցան, եւ մթնոլորտը շէնցուց Near East Express նուագախումբը։