ՎԱՀԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆԻ (1926 – 11 Օգոստոս, 2022)
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները ցաւով իմացան, որ Հինգշաբթի, 11 Օգոստոսին, ազգային բարերար Վահան Շամլեան իր մահկանացուն կնքած է, 96 տարեկանին, Ֆրէզնոյի մէջ։
Համեստ ընտանիքի զաւակ, պրն. Շամլեան հասած է Միացեալ Նահանգներու ամենայաջող գործարարներէն մէկը ըլլալու։ Ծնած էր Լիբանան, 1926ին, եւ Ամերիկա հաստատուած 1957ին։ Իր հիմնած ընկերութիւնը դարձած է աշխարհի գործածուած հագուստներու ամենամեծ վաճառականը։
1975ին, իր եւ կնոջ ջանքերով, «Վահան եւ Անոյշ Շամլեան» դպրոցը հիմնուած է Կլենտէյլի (Գալիֆորնիա) մէջ, որ մինչեւ այսօր հայեցի կրթութիւն ջամբած է հազարաւոր մանուկներու, որոնք դարձած են համայնքային յաջող ղեկավարներ եւ տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձեր։
Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Հայաստանի ու ամերիկահայ համայնքի երկարամեայ բարերար եղած է, յատկապէս Արեւմտեան Թեմին, «Հայաստան» հիմնադրամին եւ ՀՕՄին, որուն երկարամեայ անդամը եղած է իր տիկինը՝ Անոյշ Շամլեան։
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք տիկնոջ ու ընտանիքին։ Յիշատակը անթառամ մնայ։