Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄԸ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 14 Օգոստոս)

Այսօր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը տօնախմբէ երկինք Վերափոխումը Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր, որ առանձնաշնորհուած էր մարդացեալ Որդի Աստուծոյ ընդունարանը ըլլալ, եւ որպէս Ամենակալ Տիրոջ անարատ աղախինը՝ ի Քրիստոս ննջելէ ետք, փոխադրուեցաւ երկնային խորանները։

Այս տօնի վեհութենէն ներշնչուած, հետեւեալ մտածումները կը բաժնեմ, թարմացնելու համար մեր հաւատքն ու վստահութիւնը մեր Տիրոջ եւ Փրկչին խոստումի ճշմարտութեան։

ա․ Աստուածամօր Ննջումն ու Վերափոխումը անառարկելի նշան է այն գերագոյն վարձատրութեան, որ պիտի պարգեւուի բոլոր անոնց, որ կը հնազանդին, կը հաւատան ու կը հետեւին Ճանապարհին, Ճշմարտութեան եւ Կեանքին։ Յետ Յարութեան տեղի ունեցած այս հրաշքը, թէեւ Նոր Կտակարանին մէջ չէ արձանագրուած, այնուամենայնիւ բացարձակապէս չի նուազեցներ Փրկագործութեան խորհուրդի տնօրինման, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ կազմաւորման մէջ Սուրբ Կոյսին դերակատարութիւնը, որ խոր արմատներ ունի բերանացի Աւանդութեան մէջ՝ փոխանցուած բոլոր դարերու հաւատացեալներուն Առաքեալներու կեղմէ, որոնք իրենց կեանքի երեք տարիները վայելեցին Երկնային Պարգեւին հետ։

բ․ Առաքելական եկեղեցիները Սուրբ Մարիամ Աստուծածինը ամենայն երկիւղածութեամբ կը մեծարեն եւ անոր վերափոխման պատմական դէպքը կը տօնախմբեն։ Դժբախտաբար, այս մօտեցումը սխալ կը մեկնաբանուի այսպէս կոչուած Բարեկարգեալ եկեղեցիներու կողմէ, այն առարկութեամբ, որ մէկ Տէր, մէկ Փրկիչ եւ մէկ Միջնորդ ունինք՝ Յիսուս Քրիստոսը։ Սուրբ Մարիամին, հողեղէն այս արարածին հանդէպ եկեղեցւոյ ցուցաբերած բարեպաշտ վերաբերումը բացարձակապէս պէտք չէ ըմբռնել որպէս մրցակցութիւն Բարձրեալի Տէրութեան հետ, ընդհակառակը՝ որպէս յարգանք Անոր հանդէպ, որուն մէջ Աստուած հաճեցաւ տաղաւարուիլ՝ բնակիլ։

գ․ Բոլոր անոնք, որ կը մերժեն Մարիամ Աստուածածինը այս հասկացողութեամբ պատուել, առհասարակ կը յենուն սուրբ գրային այն հատուածներուն վրայ, թէ Յիսուս իր մօր որպէս «կին» դիմեց եւ ոչ որպէս «մայր» Կանայի հարսանիքին եւ Խաչին վրայ  (Յհ 2.4; Յհ 19.26)։ Նաեւ կ՛առարկեն, որ երբ Յիսուս կը քարոզէր եւ առաքեալները Իրեն յայտնեցին որ իր մայրը եւ եղբայրները կ՛ուզեն Զինք տեսնել, Ան պատասխանեց. «Ան որ իմ երկնաւոր Հօրս կամքը կատարէ, ան է իմ քոյրս, եղբայրս եւ մայրս» (Մտ 12.50; Մկ 3.35)։

«Աստուծոյ Շնորհքին արժանացող» (Ղկ1.30) սուրբ Կոյսը հնազանդելով Նախախնամութեան Փրկագործութեան սրբազան ծրագրին, նոյնինքն Տէրունական այս խօսքին համաձայն արժանացած է ո՛չ միայն կենսաբանական մայրը դառնալու Անոր որ յաւիտեաններէն առաջ երկնաւոր Հօրմէն ծնած էր, այլ նաեւ ի հոգեւորս, Աստուծոյ կամքը բոլոր կատարողներուն մէջ Մարդացեալին մայր ըլլալու անդրանկութեան պատիւը կը վայելէ։

դ․ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Իր առաքեալները ոչ միայն լիազօրեց հրաշքներ կատարելու երկրի վրայ, այլ նաեւ խոստացաւ որ Իր հետ պիտի նստին Իսրայէլի տասներկու ցեղերը (իմա՛ համայն մարդկութիւնը) դատելու համար (Մտ 19.28)։  Առաքեալներուն եթէ այս համապատուութիւնը պիտի շնորհէ Տէրը, ի՜նչ խօսք հապա այն պատիւին, որ պիտի տրուի Աստուածամօր՝ «երկրէն երկինք ընծայուած հարսին», ինչպէս կը բնութագրէ Հայ Եկեղեցւոյ շարականագիրը, որ երկնքի ու երկրի Անբաւելին իր որովայնին մէջ կրեց, որ Տիեզերքի նախախնամողը իր կաթով սնուցանեց, եւ «որուն սիրտը սուրը խոցեց», ինչպէս Սիմէոն ծերունին մարգարէացաւ (Ղկ .35), մարդկութեան փրկութեան համար։

Իրա՛ւ է, որ Աստուած իր օրհնութիւնը առատապէս կը ցօղէ աւելի քան որ մենք կը մտածենք, կ՛երեւակայենք ու կը հասկնանք բոլոր անոնց վրայ, որ կ՛ապրին Քրիստոսակեդրոն կեանք մը եւ առանց կասկածի իրենք զիրենք կը յանձնեն Աստուծոյ, նման «Քրիստոսի մայր եւ կոյս աղախինին»։

Հետեւաբար, բոլոր սրտով գոհութիւն յայտնենք Աստուծոյ որ Տիրամօր վերափոխման ընդմէջէն անգամ մը եւս իր աստուածային առատ սէրը շօշափելի կերպով ցուցաբերեց։ Ամէնքս մեր մտքին մէջ կրենք եւ մեր հոգիին մէջ սնուցանենք Աստուծոյ լոյս պատուէրները եւ սուրբ Կոյս Մարիամին հետ օրհնաբանենք Տէրը, ըսելով՝ «Տէրը պիտի գովաբանեմ. Ահա հոգիս կ’ուրախանայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս» (Ղկ 1։46-47), եւ նոյնիսկ եթէ նեղութեանց ու տագնապներու սուրը խոցէ մեր սիրտը, միշտ զօրանանք Աստուծմով՝ Յարութեան եւ յաւիտենական  կեանքի օրհնութեանց յոյսով, եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրոդութիւնը։ Ամէն։