Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՀՕՄ-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ճամբորդած է Շառլոթ (Հիւսիսային Գարոլայնա), ուր այսօր՝ Հինգշաբթի, 18 Օգոստոսին, իր պատգամը տուաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Շրջանի 101րդ Պարգամաւորական Ժողովին, որ պիտի տեւէ մինչեւ Կիրակի, 21 Օգոստոս։ Պատգամաւորական Ժողովը առաջին անգամ ըլլալով կը գումարուի այդ նահանգին մէջ։