Առաջնորդարանէն

ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ (ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ) ԴԻՄԱՒՈՐԵՑ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ

Կիրակի, 14 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց եւ քարոզեց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, Ջրաւան-Ուոթըրթաուն։ (Քարոզը կու տանք անջատաբար)։

«Հայր մեր»էն առաջ, Մկրտութեան աւազանէն սրբալոյս միւռոնը թափօրով բերուեցաւ Խորան եւ կատարուեցաւ ջրօրհնէք։ Յաւարտ Պատարագին, տեղի ունեցաւ  եկեղեցւոյ կողքին բարձրացած խաչքարի նորոգ շրջափակի բացման յատուկ աղօթք, որմէ վերջ աւանդական Խաղողօրհնէքի արարողութիւն։ Սրբազան Հայրը ըսաւ, թէ մեր ինքնութեան պահպանման մէջ Հաւատքի, Հայրենիքի եւ Մշակոյթի կողքին անուրանալի դեր ունի աւանդութիւնը իր տարբեր երեսներով։ Նաեւ յայտնեց, թէ հայկական Նոր Տարիին՝ Նաւասարդին զուգադիպող Աստուածամօր այս տօնը, լաւագոյն առիթն է, որ միշտ հաւատքի զինուորագրեալ սուրբերով ու հաւատացեալներով գոհութիւն յայտնենք Արարիչ եւ Բարեգութ Աստուծոյ իր պարգեւած երեւելի եւ աներեւոյթ ներկայ եւ յաւիտենական բարիքներուն համար։

«Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ օրուան տօնախմբութիւնը։