Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ SAVE ARMENIAN MONUMENTSԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 24 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեանի եւ իրաւաբան Քրիսթոֆըր Փառնակեանի այցելութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան Save Armenian Monuments («Փրկել Հայկական Յուշարձանները», SAM) կազմակերպութեան վերջին ամիսներու աշխատանքն ու ծրագիրները, ներառեալ՝ Արցախի մէջ եկեղեցական վայրերու մաքրութիւնը, SAMի կողմէ պատրաստուած դաստիարակչական գործիքներու բաշխումը Ազգային Առաջնորդարանի ծուխերուն, կազմակերպութեան կողմէ, անոր մասնակցութիւնը 2022ի միջազգային կրօնական ազատութեան գագաթաժողովին (Ուաշինկթըն), եւ ապագայ նախաձեռնութիւնները՝ 2022ի աշնան եւ 2023ի գարնան։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ տեղեկութիւններ ստացաւ SAMի կողմէ Արցախ ուխտագնացութիւններու փորձերուն մասին։

«Փրկել Հայկական Յուշարձաները» հիմնուած է 2020ին։ Ազգային Առաջնորդարանի ենթակայ կազմակերպութիւն մըն է, որ կը հետապնդէ հայ քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանումը Արցախի եւ շրջակայքի մէջ։ Դոկտ. Գասպարեան կազմակերպութեան խորհրդական է, իսկ տիար Փառնակեան՝ իրաւական խորհրդատուն է։ Դոկտ. Վըրճինիա Տէյվիս SAMի հիմնադիրն ու նախագահն է, Սիմոն Մաղաքեան՝ գործադիր տնօրէնը, իսկ SAMի միւս խորհրդականներն են փրոֆ. Քրիսթինա Մարանսի, Ռաֆֆի Դանիէլեան, Արժպ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան եւ փրոֆ. Հեղնար Վաթընփօ։